Սփիւռքի Գործերու Գլխաւոր Յանձնակատարը Կը Հանդիպի Մոսկուայի Հայ Համայնքին Հետ

Հայաստան, Սփիւռք

Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան Հինգշաբթի, 18 Յուլիսին, Մոսկուայի մէջ այցելեց Ռուսիոյ հայերու միութեան (ՌՀՄ) կեդրոնական գրասենեակը: Այցելութեան ընթացքին Սինանեան ծանօթացաւ ՌՀՄ-ի կից գործող զանազան կառոյցներու գործունէութեան եւ մասնակցեցաւ ՌՀՄ խորհուրդի ընդլայնուած նիստին: Հանդիպման ներկայ եղաւ նաեւ Ռուսիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան Վարդան Տողանեան:

Ըստ Armenpress.am-ի՝ ողջունելով գլխաւոր յանձնակատարը՝ ՌՀՄ-ի նախագահ Արա Աբրահամեան նշեց, որ բարձր կը գնահատէ Զարեհ Սինանեանի այցելութիւնը, ապա ներկայացուց շարք մը առաջարկներ:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար՝ Սինանեան ընդգծեց, որ Հայկական Սփիւռքը շատ կարեւոր նշանակութիւն ունի Հայաստանի համար, իսկ Ռուսիոյ հայ համայնքը կ՛առանձնանայ իր իւրայատուկ եւ բազմաբովանդակ պատմութեամբ: Ըստ գլխաւոր յանձնակատարին՝ պետութիւն-Սփիւռք յարաբերութիւնները արդէն գործընկերային են, եւ Սփիւռքը ինքզինք իրաւահաւասար տէր պէտք է զգայ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ, տիրոջ աչքով նայի իր հայրենիքին:

«Ասիկա աշխատատար գործընթաց է, կը պահանջէ մեծ ջանքեր, մենք նախ եւ առաջ պէտք է լաւ ճանչնանք Սփիւռքը: Անիկա բազմազան է, բարդ: Մեր աշխատանքը պիտի ըլլայ յամառ եւ տքնաջան, որպէսզի արդիւնքները հիասթափեցնող չըլլան: Առանց միացեալ ջանքերու ես չեմ պատկերացներ, որ որեւէ տեղ կը հասնինք: Միակ բանը, որ կրնայ բոլորս միաւորել, պետականութեան գաղափարախօսութիւնն է»,- նշեց Սինանեան:

0719sinanian

Անդրադառնալով Արա Աբրահամեանի ներկայացուցած առաջարկներուն՝ Սինանեան յայտնեց, որ տարաբնոյթ հաւաքներ պիտի կազմակերպուին, պիտի ստեղծուին հարթակներ, պիտի կազմաւորուին խորհուրդներ, որոնք  պիտի ըլլան ե՛ւ համահայկական, ե՛ւ առանձին մասնագիտական ոլորտներու համար:

Սինանեան կարեւոր նկատեց մասնագիտական հայրենադարձութիւնը, Սփիւռքի մարդուժի ներգրաւումը հայաստանեան կեանքին, նոյն ժամանակ ան ընդունեց այն առաջարկը, որ Հայաստան եւս Սփիւռքի որոշ մասնագէտներու վերապատրաստումներ իրականացնէ:

«Սփիւռքը հզօր է, եւ մենք պէտք է օգտագործենք այդ հզօրութիւնը ե՛ւ ի շահ Հայաստանի, ե՛ւ ի շահ Սփիւռքի»,- ըսաւ Սինանեան:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Ռուսիոյ հայ համայնքի ներկայ վիճակին եւ անոր առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն:

Նշենք, որ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան աշխատանքային հնգօրեայ այցելութեամբ կը գտնուի Մոսկուա: Այս մէկը գլխաւոր յանձնակատարի առաջին այցելութիւնն է Սփիւռք: Կը նախատեսուին հանդիպումներ համայնքային կառոյցներու եւ կազմակերպութիւններու, անհատներու, գործարար, մշակութային եւ եկեղեցական շրջանակներու ներկայացուցիչներու հետ: