Նոր Պատրիարքի Ընտրութեան Գործընթացը Նախաձեռնող Մարմին Ընտրուեցաւ
Յուլիս 17-ին Պոլսոյ պատրիարքարանի մէջ գումարուած ժողովով մը կազմուեցաւ Պատրիարքական Ընտրութեան Նախաձեռնող մարմինը։ Նիստին ներկայ գտնուած են կրօնական ժողովի անդամներուն առընթեր համայնքային եւ թաղային մարմիններու ներկայացուցիչներ, կը հաղորդէ «Ակօս»-ը։
Նիստը նախագահած է Պատրիարքական Տեղապահ Սահակ Արք. Մաշալեան։ Ներկաներու առաջարկով կազմուած թեկնածուներու անուանացանկին վրայէն գաղտնի քուէարկութեամբ եւ քուէներու առաւելութեամբ Նախաձեռնարկ Մարմնի անդամներ ընտրուած են՝ Սարվէն Սէրթշիմշէք, Սարօ Պէնկլեան, Սարգիս Չավուշեան, Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլու, Մինաս Ասլան, Արէտ Քօրեան, Թամար Քարասու, Նազարէթ Էօզսահակեան, Լենա Ենիեօրկան, Գրիգոր Տէօշէմէճեան, Սեդրակ Տավութհան, Սելինա Տօղան, Սեւան Սվաճըօղլու, Կարպիս Տուրասլան, Վալիա Հէճինօղլու։ Իսկ պահեստի անդամներ մնացին՝ Ղուկաս Արզուման, Կարպիս Պալմումճու եւ Գէորգ Էրքան։ Այս կազմին վրայ աւելցաւ նաեւ Պատրիարքական Աթոռի կողմէ ներկայացուած Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան եւ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հէրկէլեան։
Այս Նախաձեռնող մարմինը պատասխանատու պիտի ըլլայ նոր պատրիարքի ընտրութեան գործընթացը կազմակերպելու համար: