Հալէպի Մէջ Լոյս Տեսած է Լեւոն Շառոյեանի «Դեգերումներ» Գիրքին Բ. հատորը

Սփիւռք

21 Յուլիս 2018-ին, Հալէպի «Ոսկետառ» հրատարակչատունը լոյս ընծայած է հալէպահայ գրող, կրթական մշակ Լեւոն Շառոյեանի «Դեգերումներ»ուն Բ. հատորը։

Հեղինակին համաձայն, ինչպէս նախորդը, այս մէկը եւս տուրք մըն է մեր փառաւոր մշակոյթին, զմայլելի գրականութեան ու զարմնահրաշ պատմութեան, կը հաղորդէ «Գանձասար»-ը։

Նորատիպ հատորը կը բաղկանայ 320 էջէ ու լոյսին բերուած է որպէս Բերիոյ Հայոց Թեմի «Այգ» մատենաշարի 22-րդ հրատարակութիւն։ Մեկենասութիւնը ստանձնած է Ֆրանսաբնակ բարերար Տիգրան Ճիէրճեան։ Գիրքին յառաջաբանը ստորագրած է լիբանանահայ տոքթ. Արմենակ Եղիայեան:

Leave a Reply