Վարչապետ Փաշինեան Պաշտօնական Այցով Ժամանած է Սինկափուր, Հանդիպած Հայ Համայնքի Ներկայացուցիչներուն (լուսանկարներ)

Աշխարհ, Հայաստան

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, տիկնոջ՝ Աննա Յակոբեանի հետ, Սինկափուրի Հանրապետութեան վարչապետ Լի Սիեն Լոնկի հրաւէրով, Յուլիս 7–ին, պաշտօնական այցով ժամանած է Սինկափուր։

ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան տեղեկութիւններով՝ Հայաստանի վարչապետն ու տիկին Աննա Յակոբեանը այցելած են Սինկափուրի հայկական Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, որ Սինկափուրի ամենահին քրիստոնէական կառոյցն է (1835 թ.)։ ՀՀ վարչապետի, Սինկափուրի առեւտուրի եւ արդիւնաբերութեան աւագ պետական նախարար Գօ Բօ Գունի եւ Սինկափուրի, ինչպէս նաեւ հարեւան երկիրներու եւ տարածաշրջաններու՝ Մալայզիայի, Ինտոնեզիոյ, Թայլանտի, Հոնկքոնկի, Աւստրալիոյ հայ համայնքներու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ յարակից հայկական փողոցի նորաբաց այգիին մէջ՝ տեղի ունեցած է «Վանտա Միսս Ճոագիմ» խոլորձի արձանին բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը։ Արձանը կառուցուած է բարերար Խաժակ Մանուկեանի նախաձեռնութեամբ:

Այնուհետեւ, Նիկոլ Փաշինեան եւ Աննա Յակոբեան այցելած են Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, շրջայց կատարած հայկական ժառանգութեան թանգարանին մէջ: Վարչապետը գրառում կատարած է պատուաւոր հիւրերու գիրքին մէջ, այնուհետեւ հանդիպած վերը նշուած պետութիւններու հայ համայնքներու ներկայացուցիչներուն:

Ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն` վարչապետը ծակեպսակ դրած է  Յիշողութեան պարտէզին մէջ կանգնեցուած հայկական խաչքարին մօտ: Պարտէզին մէջ ամփոփուած են նաեւ բազմաթիւ հայկական տապանաքարեր:

Ողջունելով ներկաները` Նիկոլ Փաշինեան նշած է. «Այսօր մեր հայրենակիցներու ջանքերով հաւերաժացուեցաւ մեր հայրենակիցներէն մէկուն վաստակը Սինկափուրի առաջ: Գիտէք, որ Սինկափուրի ազգային խորհրդանիշ հանդիսացող ծաղիկը` խոլորձը, որ անուանուած է մեր հայրենակիցին անունով, ստեղծած է Աշխէն Յովակիմեանը, սինկափուրեան վարկածով` Ակնէս Ճոագիմին: Ասիկա խորհրդանշական իրադարձութիւն է, որ ի ցոյց կը դնէ մեր ժողովուրդին ստեղծարար էութիւնը»: Նիկոլ Փաշինեանի խօսքով` աշխարհի բազմաթիւ կողմերու մէջ կը հանդիպինք իրավիճակներու, երբ այդ երկիրներու կեանքին մէջ տեղի ունեցած, ստեղծուած խորհրդանշական կարեւորագոյն արժէքներու ետին կանգնած են հայերը:

Ձեռնարկի աւարտին՝ Նիկոլ Փաշինեան եւ Աննա Յակոբեան շրջած են նաեւ Սինկափուրի Արմէնիա հայկական փողոցով: