Ռուսիան Հայաստանին Տրամադրած Է Վարկային Համաձայնագիրով Նախատեսուած Սպառազինութիւնը

Ռուսիան ամբողջութեամբ Հայաստանին տրամադրած է 200 միլիոն տոլարի վարկային համաձայնագիրներով նախատեսուած սպառազինութիւնը: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, Յուլիս 22-ին լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին նշեց Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան:
«200 միլիոն տոլարի դիմաց տրամադրած զէնք-զինամթերքը ժամանակակից, արդիական, նոյնիսկ Ռուսիոյ սպառազինութեան մէջ չգտնուող սպառազինութիւն է», ըսած է Դաւիթ Տօնոյեան:
2015-ին Ռուսիան եւ Հայաստանը վաւերացուցած են վարկային համաձայնագիր մը, որուն շրջագիծին մէջ Ռուսիան Հայաստանին ժամանակակից սպառազինութիւն կը մատակարարէ:
