Պաշտօնական Արարողութեամբ Բացուեցաւ Նոր Ջուղայի Ազգագրական Թանգարանը
Հանգուցեալ Մարգարիտ Խաչանեանի կտակին համաձայն Նոր Ջուղայի Թեմական խորհուրդի հին ու նոր անդամներու հետեւողական ու ջանադիր աշխատանքի շնորհիւ, Ս. Ամենափրկիչ վանքի շրջափակին մէջ հիմնադրուեցաւ Ազգագրական թանգարան։ Այնտեղ առանձին տաղաւարներով կը ցուցադրուին Հին Ջուղայի կործանման եւ Նոր Ջուղայի հիմնադրման պատմութիւնները, վաճառականութիւնը, արհեստը, արուեստը, ընտանիքը, նրբագեղութիւնը, կեանքը, հաւատքը, դպրոցն ու երաժշտութիւնը:
Թանգարանի դռներն այցելուներուն առջեւ բացուած էր 2019-ի Մարտ 20-ին, իսկ պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ Յունիս 22-ի երեկոյեան, կը հաղորդէ yerkir.am-ը:
Բացման արարողութեան համար Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Սիփան եպս. Քէչէճեան ու ազգային իշխանութիւնը Ս. Ամենափրկիչ վանքին մէջ հիւրընկալեցին՝ պետական բարձրաստիճան պաշտօնեաներ եւ անոնց ընկերակցող պատւիրակութիւններ, շրջանի Հայ դատի յանձնախումբի, միութիւններու ու հայոց դպրոցներու ներկայացուցիչներ, թանգարանին նմուշներ նուիրաբերած անհատներ եւ հիմնադրութեան անհատներ։ Պետական բարձրաստիճան հիւրերու շարքին էին Սպահանի նահանգապետ Ապպաս Ռեզային, Սպահանի քաղաքային խորհուրդի տնօրէն դոկտոր Մոին եւ այլք։
Սպահանի հայոց թեմի ազգային իշխանութեան խօսքը պարսկերէն լեզուով կարդաց Իսլ. Խորհրդարանին մէջ Սպահանի եւ հարաւային իրանահայութեան նախկին պատգամաւոր Ռոպերթ Բեգլարեան։ Ան ողջունելով հիւրերը, անդրադարձաւ Ազգագրական թանգարանի հիմնադրութեան կարեւորութեան եւ յատկապէս ընդծգեց, որ՝ ճիշտ է, թանգարանին մէջ ցուցադրւած նմուշները ժամանակին եղած են կենցաղային սովորական իրեր, սակայն այսօր անոնք հիանալի միջոցներ են՝ մեզի այդ ժամանակաշրջանին մէջ ապրող ժողովուրդի կենսակերպին, սովորութիւններուն ու հաւատքին հաղորդ դարձնելու համար։
Սպահանի նահանգապետ Ռեզայի գնահատելով Ազգագրական թանգարանի հիմնադրումը, ինչպէս նաեւ պաշտօնական բացման հանդիսութեան կազմակերպումը, յատկապէս մատնանշեց, որ միշտ յատուկ աշխուժութիւն զգացած է Ս. Ամենափրկիչ վանք այցելելու ատեն եւ յոյս յայտնած, որ սոյն թանգարանը աւելի պիտի ծանօթացնէ շրջանի հայութեան սովորութիւնները։
Բացման խօսքերէն ետք տեղի ունեցան գեղարուեստական կատարումներ. Ելոյթ ունեցան երգիչ Համիկ Ալեքսանդրան, Ս. Ամենափրկիչ վանքի «Կոմիտաս» երիտասարդական երգչախումբը՝ դոկտ. Արբի Բաբումեանի խմբավարութեամբ ու մեներգիչներ՝ Հարմա Կարապետեանի ու Վանանդ Իսաղուլեանի համագործակցութեամբ, Ս. Ամենափրկիչ վանքի «Տաթեւ» երգչախումբի անդամներ։ Անզուգական կատարմամբ բեմականացուեցան Նոր Ջուղայի աւանդական հարսանեանց խնջոյքէն դրուագներ՝ ցուցադրելով սոյն շրջանի, ինչպէս նաեւ Փերիայի եւ Չհարմահալի սովորութիւններն ու տարազները։ Ընթացքին հանդիսավարներու միջոցով ընթերցուեցան Ազգագրական թանգարանի բաժիններու մասին տեղեկութիւններ եւ թանգարանին նմուշներ նուիրաբերած անհատներու անուանացանկը, որոնք ծրագրի աւարտին գնահատուեցան շնորհակալագիրներով։
