«Crans Montana» Միջազգային Ժողովին ՀՀ Նախագահը Մրցանակ Պիտի Ստանայ
Զուիցերիոյ մէջ, Յունիս 26-29 կայանալիք «Crans Montana» միջազգային ժողովի ամենամեայ նիստին, նախատեսուած է մրցանակաբաշխութեան արարողութիւն, որուն ժամանակ ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան պիտի պարգեւատրուի «PRIX DE LA FONDATION 2019» մրցանակով:
Ըստ Armenpress.am-ի՝ ժողովի օրակարգին համաձայն, պիտի պարգեւատրուի նաեւ Սլովենիոյ Հանրապետութեան նախագահ Պոութ Բահորը, Գուինէայի Հանրապետութեան առաջին տիկին Ճենէ Գապա Գոնտէն:
«Crans Montana Forum»-ը միջազգային համագործակցութիւնը խրախուսող ազդեցիկ հարթակ է, որուն տարեկան ձեռնարկներուն աւելի քան 100 երկրի առանցքային դերակատարներ՝ ոչ պաշտօնական մթնոլորտի մէջ՝ կը քննարկեն ընկերային, տնտեսական խնդիրներ, անվտանգութեան հետ կապուած կարեւորագոյն հարցեր: Արմէն Սարգսեան «Խաղաղութեան, զարգացման եւ կայունութեան ժամանակակից մարտահրաւէրներն ու զանոնք յաղթահարելուն ուղղուած արդիւնաւէտ համագործակցութեան խթանումը» թեմայով քննարկումներուն հանդէս պիտի գայ իբրեւ գլխաւոր բանախօս:
Նախագահ Սարգսեան Զիւրիխի մէջ պիտի մասնակցի նաեւ գիտութեան ու արուեստի միջազգային «STARMUS» փառատօնի բացման եւ հանդէս պիտի գայ ելոյթով:
