Տօնոյեանն Ու Սինանեանը Քննարկած Են Անվտանգութեան Մարզին Մէջ Հայութեան Ջանքերու Համախմբման Նախագիծեր
Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան, Յունիս 22-ին, ընդունած է Սփիւռքի գործերու ընդհանուր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանը։ Այս մասին կը հաղորդէ պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը:
Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան մարզերուն մէջ համայն հայութեան ջանքերու համախմբման ուղղուած շարք մը ծրագրային նախագիծեր:
Կարեւոր նկատուած է գիտութեան եւ կրթութեան, նորագոյն արհեստագիտութիւններու ներդրման, ռազմական բժշկութեան, ընկերային ապահովութեան եւ այլ մարզերու մէջ Հայաստանի եւ Սփիւռքի տարբեր կառոյցներուն միջեւ համագործակցութեան զարգացումը:
Շնորհաւորելով պատասխանատու պաշտօնին նշանակուիլը, պաշտպանութեան նախարարը յաջողութիւն մաղթած է Զարեհ Սինանեանին համահայկական գաղափարներու կեանքի կոչման եւ Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման գործին մէջ:
