Ռուսիա Բնակող Հայ Եղբայրները ՀՀ Զինուած Ուժերուն Մէջ Ծառայելու Համար Վերադարձած են Հայրենիք
Ռուսիա բնակող Էրիկ եւ Ռոման Ասատովները հարազատ եղբայրներ են, որոնք որոշած են ծառայել ՀՀ զինուած ուժերուն մէջ` հայրենիքը պաշտպանելու:
«Արմենփրես»-ի հետ զրոյցի ընթացքին Էրիկը նշած է, որ ՀՀ ՊՆ N զօրամասին մէջ արդէն 1 տարիէ կը ծառայէ, իսկ անոր եղբայր Ռոմանը` 6 ամիսէ ի վեր:
«Ռուսիայէն եկած ենք մեր հայրենիք` Հայաստանի մէջ ծառայելու: Արդէն մէկ տարիէն աւելի կը ծառայեմ ՀՀ զինուած ուժերուն մէջ: Այստեղ ծնած ենք, այստեղ մեր հայրենի տունն է, եկած ենք մեր հայրենիքը պաշտպանելու»,- կ՛ըսէ Էրիկ Ասատով:
Բանակի մասին Ռոմանի ունեցած բացասական պատկերացումները զօրակոչուելէն ետք փոխուած են: 6 ամսուան ծառայողը բոլոր զինապարտներուն առանց վախնալու ծառայութեան մեկնելու կոչ կ՛ընէ:
«Հիանալի կ՛անցնի ծառայութիւնը: Ամէն ինչ կարելի է ըսել շատ հաճելի է: Երբ դեռ չէի եկած ծառայութեան, կը մտածէի, որ բարդ պիտի ըլլայ, բայց ամէն ինչ կարգին է, այնպէս որ վախնալու ոչինչ կայ: Պէտք է երթալ ծառայութեան` պաշտպանելու հայրենիքը»,- կը նշէ Ռոման Ասատով:
Եղբայրները դեռ յստակ չեն որոշած` ծառայութիւնը աւարտելէն ետք պիտի վերադառնան Ռուսիա, թէ պիտի մնան Հայաստան, բայց յստակ կը նշեն, որ իրենց հայրենիքը այստեղ է, ուր իրենք ծնած են:
