Վանի «Շրջուն Փառատօն»ը` Արգիլուած
Ամառնային ամիսները Թուրքիոյ զանազան քաղաքներու մէջ յատուկ ոգեւորութիւն մը կ՚ապրին բազմաբնոյթ փառատօներու միջոցաւ։ Փառատօները տուեալ վայրի զբօսաշրջական առումով տեսանելի դառնալուն ծառայող միջոցառումներ են նաեւ։
Վերջին տարիներուն Թուրքիոյ արեւելեան նահանգներու մէջ այդ միջոցառումները յաճախ կը մատնուին պետական պաշտօնեաներու դժկամութեան։ Այսպէս մեծ աւանդ ունեցող Մնձուրի փառատօնը տարիներէ ի վեր կ՚արգիլուի կուսակալի հրահանգով։
Ըստ “Ակօս”-ի՝ այս տարի նման արգելք մը յարուցուեցաւ Յունիս 20-23-ին Վանի մէջ կայանալիք «Շրջուն Փառատօն»ի դէմ։ Կեւաշի գաւառապետը անվտանգութեան պատճառաբանութիւններով արգիլեց փառատօնի կազմակերպութիւնը։
Կազմակերպիչներ դիտել կու տան, թէ բոլորովին անհիմն է անվտանգութեան մասին պատճառաբանութիւնները։ Անցեալ տարի այս թուականներուն առաջինը կատարուած էր «Շրջուն Փառատօն»ին, արժանացած էր մասնակիցներու գնահատանքին եւ բնականոն ձեւով ալ աւարտած։
«Այս տարի նախորդ փորձէն ալ ոգեւորուած պատրաստուած էինք աւելի ճոխ յայտագիրով մը փառատօնը կրկնելու։ Կը հաւատայինք թէ Աւելի մեծ ուշադրութիւն պիտի գոյացնենք Վան քաղաքի զբօսաշրջական արժանիքներու մասին։ Սակայն Կեւաշի գաւառապետը կամայական գնահատականով մը արգելք հանդիսացաւ փառատօնի գործադրման»։