Հայ Մասնագէտներու Հերթական Խումբը Մեկնած է Սուրիա

Աշխարհ, Հայաստան

Սուրիոյ ժողովուրդին մարդասիրական մասնագիտական օժանդակութիւն ցուցաբերելու նպատակով՝ մարդասիրական ականազերծողներէ, բժիշկներէ եւ անոնց անմիջական անվտանգութիւնը ապահովող հայ մասնագէտներէ բաղկացած հերթական խումբը, Յունիս 4-ին, մեկնած է Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութիւն (ք. Հալէպ):

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերւո վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ հայ մասնագէտները, բացառապէս ռազմական գործողութիւններէ զերծ բնակավայրերու մէջ, պիտի ծաւալեն մարդասիրական ականազերծման, բնակչութեան հակաականային իրազեկման, բժշկական ծառայութիւններու մատուցման մարդասիրական գործունէութիւն:

Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութիւն հայ մասնագէտներու տեղափոխման, ինչպէս նաեւ ապահովման խնդիրները իրականացած են ռուսաստանեան կողմին աջակցութեամբ: