
Շրջանառութեան Մէջ Դրուած է «Սփորթ. Հայ Անուանի Ֆութպոլիստներ. Հենրիխ Մխիթարեան» Թեմային Նուիրուած Նոր Նամականիշ
Արհեստագիտական կեդրոն-ֆութպոլային ակադեմիայի շէնքին մէջ, Յունիս 4-ին, «Հայփոստ» ՓԲԸ-ի կողմէ հրապարակուած եւ շրջանառութեան մէջ դրուած է մէկ նամականիշ՝ նուիրուած «Սփորթ. Հայ անուանի ֆութպոլիստներ. Հենրիխ Մխիթարեան» թեմային:
«Հայփոստ» ՓԲԸ-ի տեղեկութիւններով՝ 450 ՀՀ դրամ անուանական արժէքով նամականիշը տպագրուած է Գանատայի “Lowe Martin Group” տպագրատան մէջ՝ 40,000 տպաքանակով: Նամականիշի ձեւաւորման հեղինակն է «Հայփոստ» ՓԲԸ-ի գլխաւոր ձեւաւորող Վահագն Մկրտչեան:
Նամականիշին վրայ պատկերուած է հայ անուանի ֆուպթոլիստ, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի աւագ Հենրիխ Մխիթարեանը՝ Հայաստանի հաւաքականի մարզաշապիկով: Հ. Մխիթարեանի դիմանկարը կատարուած է համակարգչային ձեւաւորման եղանակով:
Նամականիշին հրապարակումը իրականացուցած են ՀՀ բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան փոխնախարար Գեղամ Վարդանեանը, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի աւագ Հենրիխ Մխիթարեանը, «Հայփոստ» ընկերութեան Խորհուրդի նախագահ Խուան Փապլօ Կեչիճեանը, ՀՀ Ֆիլատելիստներու միութեան նախագահ Յովիկ Մուսայէլեանը: