
Փութին Ստորագրեց Ղրիմի Օդակայանը Այվազովսքիի Անունով Կոչելու Որոշումը
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Ղրիմի մայրաքաղաք Սիմֆերոփոլի օդակայանը աշխարհահռչակ հայ ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսքիի անունով կոչելու որոշումը ստորագրեց՝ պաշտօնականացնելով անուանակոչութիւնը։
Համապատասխան հրամանագիրը Մայիս 31-ին հրպարակուեցաւ պետութեան պաշտօնական տեղեկատուութեան կայքին վրայ:
Յիշեցնենք, որ Այվազովսքի ծնած է Ղրիմի Ֆէօտոսիա նաւահանգիստին մէջ։
Անուանակոչութեան որոշումը տրուած էր հանրաքուէով եւ Այվազովսքիի ի նպաստ քուէարկած էին քուէարկութեան մասնակցողներուն 52 տոկոսը: