«Հայ Օգնութեան Ֆոնտ»-ը Պարգեւատրուած է Պատուոյ Շքանշանով

Հայաստան, Սփիւռք

«Հայ օգնութեան ֆոնտ» (ՀՕՖ) հայ-ամերիկեան բարեգործական կազմակերպութիւնը պարգեւատրուած է Պատուոյ շքանշանով:

Այդ մասին հրամանագիր ստորագրած է ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան` հիմք ընդունելով վարչապետի միջնորդութիւնը:

ՀՕՖ-ը պարգեւատրուած է Հայրենիք-սփիւռք կապերու ամրապնդման գործին մէջ ներդրած աւանդի, բարեգործական երկարամեայ լայնածաւալ գործունէութեան եւ hիմնադրման 30-ամեակի առիթով:

ՀՀ նախագահահը նաեւ հրամանագիր ստորագրած է ՀՕՖ-ի տնօրէններու խորհուրդի ատենապետ Ռանտի Սապահ Կուլեանին «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններու համար» 1-ին աստիճանի մետալով պարգեւատրելու մասին:

 Մէկ այլ հրամանագիրով Երախտագիտութեան մետալով պարգեւատրուած է ՀՕՖ-ի Հայաստանի մասնաճիւղի տնօրէն Բագրատ Սարգսեան: