ՀՄԸՄ-ի Հիմնադիր Երրորդութեան Յուշաքանդակներու Բացում Երեւանի Մէջ

Հայաստան, Սփիւռք

Յուլիս 21-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի Երեւանի կեդրոնին մուտքին կայացաւ ՀՄԸՄ-ի հիմնադիր երրորդութեան` Շաւարշ Քրիսեանի, Գրիգոր Յակոբեանի եւ Յովհաննէս Հինդլեանի յուշաքանդակներուն բացումը:

Բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայ եւ նախկին անդամներ, Շաւարշ Քրիսեանի  եղբօրը թոռը` տոքթ. Շաւարշ Քրիսեան, նահատակ Վարդան Բախշեանի մայրն ու քոյրը` Այտա եւ Աննա Բախշեաններ, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան ներկայ եւ նախկին անդամներ, հիւրեր եւ ՀՄԸՄ-ականներ:

Յուշաքանդակներուն բացումը կատարեցին ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի ատենապետ Դաւիթ Յակոբեան, տոքթ. Շաւարշ Քրիսեան եւ յուշաքանդակի բարերար տէր եւ տիկին Վարդան եւ Սապին Գազանճեաններու ներկայացուցիչ` Գահիրէի ՀՄԸՄ-«Արարատ»  մասնաճիւղի ատենապետ Լեւոն Դելփեան:

Այս առիթով ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան խօսքը արտասանեց Րաֆֆի Կէօվօղլանեան: Ան ըսաւ, թէ ՀՄԸՄ-ը այսօր հպարտ ու բարձրաճակատ կը ներկայանայ իր ժողովուրդին` մէկ դարու նուաճումներով եւ իրագործումներով հարուստ իր պատմութեամբ: ՀՄԸՄ կը յիշէ այդ պատմութեան մեծ երախտաւորները, եւ յարգանքի ու գնահատանքի իբրեւ արտայայտութիւն, Երեւանի սրտին մէջ, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի կեդրոնի մուտքին, կը կանգնեցնէ միութեան հիմնադիրներուն յուշաքանդակները:

Կէօվօղլանեան նշեց, որ ՀՄԸՄ-ի հիմնադիրները խոր հայրենասիրութեամբ իրենց ծրագիրներուն կիզակէտը դարձուցած էին հայութիւնը, հայ լեզուն, Հայաստանն ու հայ նորահաս սերունդը: Այսօր անոնք կրնան հանգիստ ննջել, որովհետեւ իրենց ծրագիրները իրագործման մէջ են միութեան աշխարհասփիւռ մեծ ընտանիքին եւ յատկապէս Հայաստանի կազմակերպութեան կողմէ:

Շարունակելով, Կէօվօղլանեան շնորհակալութիւն յայտնեց յուշաքանդակի բարերար Վարդան եւ Սապին Գազանճեաններուն, քանդակագործներ Աշոտ եւ Հայկ Մարկոսեաններուն եւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին այս աշխատանքի իրագործման:

«Այս յուշաքանդակները պիտի ըլլան ներշնչումի աղբիւր` ծրագրելու եւ իրագործելու յառաջիկայի մեր բեղուն գործունէութիւնը: Այս յուշաքանդակները պիտի ըլլան նաեւ մղիչ ուժը հետեւելու միութեան հիմնադիրներուն գծած ուղիին, գաղափարախօսութեան եւ «Բարձրացիր- բարձրացո՛ւր» նշանաբանին», շեշտեց Րաֆֆի Կէօվօղլանեան եւ իր խօսքը եզրափակեց ըսելով, որ  այս յուշաքանդակները այս իւրայատուկ վայրէն պիտի ըլլան մնայուն յուշարարներ` մնալու այդ սերունդին արժանաւոր ժառանգորդները, ՀՄԸՄ-ը առաջնորդելով պատուաբեր անցեալէն դէպի նորանոր իրագործումներ, դէպի յաղթական ապագայ:

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան խօսքէն ետք, ներկաները բարձրացան ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի կեդրոնին երրորդ յարկը, ուր տեղի ունեցաւ «Վարդան Բախշեան գրադարան-ընթերցարան»-ին բացումը:

Խօսք առաւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան ատենապետ Դաւիթ Յակոբեան եւ ըսաւ, թէ նախապէս Վարդան Բախշեանի անունով սրահ մը կար կեդրոնին մէջ, սակայն նպատակայարմար նկատուեցաւ զայն բարեկարգել եւ գրադարանով մը օժտել, որպէսզի սկաուտները կարենան աւելի շատ ժամանակ անցընել կեդրոնին մէջ` աւելի կապուելով միութեան: Ան հաստատեց նաեւ, որ գրադարան-ընթերցարանին գլխաւոր բարերարը եղած է Վարդան Բախշեանի մտերիմ ՀՄԸՄ-ականներէն մէկը, որ սակայն չէ փափաքած անունը յայտարարել: Գրադարանը տակաւին իր վերջնական տեսքը չէ ստացած, եւ խոստումներ կան զայն նոր գիրքերով եւ համակարգչային սարքերով հարստացնելու:

Ապա, Վարդան Բախշեանի մասին խօսելով, Յակոբեան նկատել տուաւ, որ 1991-ին Արցախի ազատագրութեան կռիւներուն նահատակուած Վարդանը թէեւ կարճ, սակայն բովանդակալից եւ հերոսական կեանք մը ունեցաւ: «Ան անմահացաւ` ներշնչումի օրինակ դառնալով գալիք սերունդներուն: Վարդանը ընթերցասէր էր, իրեն համար ընթերցանութիւնը միջոց էր գիտելիքներ եւ ճանաչողութիւն ձեռք բերելու, մեր պատմութեան եւ մեր ժողովուրդի խնդիրներուն ծանօթանալու համար: Թող իր օրինակը վարակիչ ըլլայ այսօրուան սկաուտներուն համար` Վարդանի օրինակով իրենք զիրենք գիտութեամբ եւ գիտելիքներով զինելու համար», աւելցուց Յակոբեան:

Այնուհետեւ, սրտի խօսք ուղղեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան եւ յայտնեց, թէ ինք Վարդան Բախշեանը ճանչցած է միութեան 1991-ի Պատգամաւորական ժողովին: «Վարդանը համակ եռանդ եւ խանդավառութիւն էր: Ընթերցասէր եւ գաղափարական մարդ, որուն նմանները քիչ են մեր օրերուն: Վարդանը կը պատկանէր Հայաստանի մէջ վերընձիւղուած ՀՄԸՄ-ի առաջին սերունդին, որ հսկայական գործ կատարեց միութիւնն ու միութենական արժէքները ծանօթացնելու եւ տարածելու համար», վկայեց ան:

Վերջին խօսքը արտասանեց նահատակ Վարդան Բախշեանի քոյրը` Աննա Բախշեան: Ան ըսաւ, թէ այս գրադարան-ընթերցարանին բացումը կարեւոր նախաձեռնութիւն է այսօրուան սկաուտութիւնը գիր-գրականութեան եւ ակումբին կապելու իմաստով: Ընթերցանութիւնը,- շեշտեց ան,- կարեւոր է միտքով առողջ սերունդներ պատրաստելու համար:

Բախշեան նշեց, որ Վարդանը ունէր գիրքի պաշտամունք: Զինք ճանչցողները գիտեն այդ մասին: Շատ հաճելի է, որ իր սիրելի միութեան կեդրոնին մէջ բացուած է գրադարան-ընթերցարան: Այսօր, համացանցի ներկայութեան, դժբախտաբար, գիրքի նկատմամբ հետաքրքրութիւնը նուազած է, բայց ամէն պարագայի գիրքը ուրիշ զգացողութիւն է եւ ուրիշ լիցքեր կու տայ մարդուն:

Խօսքին աւարտին, Աննա Բախշեան շնորհաւորեց ՀՄԸՄ-ը իր 100-ամեակին առիթով եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ը` գրադարան-ընթերցարանին համար: Ան յայտարարեց, որ Վարդանի գիրքերէն կարեւոր մաս մը կը նուիրէ իր անունը կրող այս գրադարանին:

Խօսքերէն ետք, կեդրոնին առաջին յարկին վրայ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

 

Leave a Reply