Թուրքիա Կը Վախնայ Արդարադատութենէն․ Արամ Համբարեան

Սփիւռք

«Առաջին լրատուական»-ի հետ զրոյցի ընթացքին խօսելով Իտալիոյ եւ Փորթուկալի խորհրդարաններուն կողմէ ընդունուած բանաձեւերուն մասին` Միացեալ Նահանգներու դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան ընդգծեց, որ ամէն մէկ նոր երկրի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումով Թուրքիա երթալով աւելի կը մեկուսանայ։

«Անոնք կը տեսնեն համաշխահրային խաղատախտակը եւ գիտեն, որ կը կորսնցնեն իրենց ուժն ու դիրքերը: Անոնք յուսահատութեան մէջ են, շախմատային լեզուով ըսած` «մաթ»ի վիճակի մէջ են, որովհետեւ այդքան մեծ ջանքեր գործադրելով ցեղասպանութեան ժխտման քաղաքականութեան մէջ` անոնք գիտեն, որ, միեւնոյն է, չեն կրնար խոչընդոտել արդարադատութեան կայացման», – նշած է Համբարեան:

Ցեղասպանութեան ժխտումը սպառնալիք է Հայաստանին

Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակի ղեկավարը անդրադարձաւ նաեւ Ապրիլ 24-ին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի յայտարարութեան եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի պատասխանին: Էրտողան լկտի եւ ցինիկ արտայայտութիւններ թոյլ տուած էր մէկ դար առաջ տեղի ունեցած ողբերգական իրադարձութիւններուն մասին` ըսելով, թէ «արեւելեան Անատոլիոյ մահմետականներուն, նոյնիսկ կանանց, երեխաներուն ու ծերերուն կոտորող հայկական հրոսակախումբերու ու անոնց աջակիցներու տեղահանութիւնը ամենաողջամիտ որոշումն էր, որ կարելի էր կայացնել նման պայմաններու մէջ»: Նիկոլ Փաշինեան պատասխանած էր, որ Ապրիլ 24-ին նման յայտարարութիւն ընելը հայ ժողովուրդին եւ ողջ մարդկութեան հանդէպ խոր վիրաւորանք է եւ ծայրայեղ ատելութեան խօսք անձամբ Էրտողանին կողմէ:

Համբարեան կ՛ողջունէ Հայաստանի վարչապետին կոշտ արձագանգը Էրտողանի յայտարարութեան. «Բոլոր հայերը` մեր հայրենիքին եւ ամբողջ աշխարհի մէջ, ընդհանուր պատասխանատուութիւն կը կրեն կոտրելու Թուրքիոյ ժխտողականութիւնը` հաստատելով Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութիւնը եւ թոյլ չտալով Անգարային խոչընդոտելու արդարադատութեան այս յանցագործութեան համար: Այս պարունակին մէջ մեզի համար միշտ ուրախալի է տեսնել ուժեղ ղեկավարութիւն Երեւանէն: Մենք բոլորս ալ գիտենք, որ ցեղասպանութիւնը անպատիժ ձգելու` Անգարայի ստեղծած նախադէպը սպառնալիք է Հայաստանին եւ բոլոր ազգերու անվտանգութեան: Հետեւաբար, ցեղասպանութեան ժխտման դէմ պայքարը աւելի շատ ապագային կը վերաբերի, քան թէ անցեալին. ազգային անվտանգութեան մարտահրաւէրը շատ աւելի մեծ է, քան ազգային յիշատակը»:

Թուրքիա կը վախնայ արդարադատութենէն

Այս վերջին օրերուն մէկ այլ ուշագրաւ իրադարձութիւն տեղի ունեցաւ` կապուած Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման խնդրի հետ:

Մամուլին մէջ տեղեկութիւն տարածուեցաւ, թէ իբր Միացեալ Նահանգներու մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանը խոստացած է յայտնի քոնկրեսական Էտըմ Շիֆին ֆինանսապէս աջակցիլ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերող բանաձեւին յառաջխաղացման: Շուտով, սակայն, պարզուեցաւ, որ տեղեկութիւնը կեղծ է: Էտըմ Շիֆ յայտարարեց, որ իր անունէն գործող կեղծ կայք բացուած է եւ իրականութեան չհամապատասխանող հաղորդագրութիւն տարածուած իր եւ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանին հետ հանդիպման մասին:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան այս դէպքը եւս կը դիտէ Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութեան ծիրէն ներս:

Համբարեան հետեւեալ կերպով կը մեկնաբանէ տարածուած ապատեղեկատուութիւնը. «Անգարայի դաշնակիցները կեղծ լուրեր կը տարածեն աւելի քան մէկ դար, ինչ որ յանցագործութիւնը թաքցնելու ամենախոշոր ու ամենաերկարատեւ դէպքն է համաշխարհային պատմութեան մէջ: Անոնք կը պայքարին ճշմարտութեան դէմ, քանի որ կը վախնան արդարադատութենէն»:

Հեղինակ` Արամ Սարգսեան