ՀՅԴ Երիտասարդները կ՛ԱՀԱԶԱՆԳեն

Հայաստան

Այսօր ՀՅԴ երիտասարդական միութեան «Ահազանգ» նախաձեռնութեան անդամները Ազգային Ժողովի Շէնքին դիմաց բողոքի ցոյց իրականացուցին` եկամտային հարկի համահարթեցման առաջարկի դէմ եւ բաց նամակ յղեցին ԱԺ Տնտեսական հարցերու մշտական յանձնաժողովի կազմին մէջ ընդգրկուած պատգամաւորներուն:

Նամակին մէջ կը նշուի, որ ՀՀ կառավարութիւնը «Հարկային օրէնսգիրքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին» օրէնքի նախագիծին եւ յարակից նախագիծերու փաթեթով կ՛առաջարկէ փոփոխութիւններ կատարել հարկային օրէնսգիրքին մէջ, որոնցմէ մէկը եկամտային հարկի համահարթեցման առաջարկն է: ՀՀ Կառավարութիւնը կ՛առաջարկէ 2019-ի Սեպտեմբեր 1-էն եկամտային հարկը բոլորին համար սահմանել 23%, այնուհետեւ նուազեցնել այնպէս, որ 2023-ին ան հասնի 20 տոկոսի:

«Ահազանգ» նախաձեռնութիւնը «Լուսաւոր Հայաստան» եւ «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութիւններու պատգամաւորներուն կոչ կ՛ընէ դէմ չերթալու հասարակութեան մեծամասնութեան շահերուն եւ կողմ չարտայայտուելու նեղ խումբին շահերը սպասարկող օրինագիծին:

«Իմ քայլը» խմբակցութեան բոլոր պատգամաւորներուն նախաձեռնութիւնը կոչ կ՛ընէ հետամուտ ըլլալ նախագիծը ետ կանչելու եւ նոր, հասարակութեան լայն շերտերուն շահերը պաշտպանող նախագիծ ներկայացնելու:

«Բոլոր այն պատգամաւորներուն, որոնք չեն կրնար պատկերացնել նախագիծին ուղղակի ազդեցութիւնը ցած եկամուտ ունեցող եւ հասարակութեան 65%-ը կազմող մարդոց կեանքին վրայ, կոչ կ՛ընենք այսօր տուն երթալ երթուղայիններով, խոշոր հանրախանութներու փոխարէն առեւտուր ընել փոքր խանութներէն եւ ուշադրութիւն դարձնել խանութի այլ յաճախորդներուն եւս, պարզապէս շրջիլ Երեւանի արուարձաններով կամ Հայաստանի մարզերով»,- նշուած է նամակին մէջ: