Տաւուշի Մէջ Հակառակորդի Կրակոցէն Զինծառայող մը Վիրաւորուած է. Արծրուն Յովհաննիսեան Մանրամասներ կը Ներկայացնէ

Հայաստան

Տաւուշի մարզին մէջ, հակառակորդի կրակոցէն, Ապրիլ 30-ին, զինծառայող մը ծանր վիրաւորուած է: ՀՀ ՊՆ մամուլի խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է,-

«Տաւուշի մէջ վիրաւորուած պայմանագրային զինծառայողին վիճակը ծանր կայուն է, վիրաւորուած է գլուխէն, շուտով ուղղաթիռով կը տեղափոխուի Երեւան: Արգիշտի Սամուէլ Սեփխանեանի կեանքին վտանգ չի սպառնար»։