Նիկոսիոյ մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակը Պիտի Յարգեն Երիտասարդական Քայլերթով
Նիկոսիոյ մէջ հայ երիտասարդները Հայոց Ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցին առիթով քայլերթ պիտի իրականացնեն` յարգանքի տուրք մատուցելով Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Ինչպէս կը հաղորդէ cyprus-mail.com կայքը, Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի յանձնաժողովը յայտարարած է Ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցին նուիրուած երիտասարդական քայլերթ իրականացնելու մասին:
Քայլերթը պիտի սկսի Նիկոսիոյ Մակարիոսի պողոտայէն: Մասնակիցները պիտի քալեն Հայաստանի անուան պողոտայով. անոնց պիտի միանան համայնքի միւս անդամները, որոնք միասին պիտի ուղղուին հայկական եկեղեցւոյ տարածքին գտնուող Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին մօտ. այնտեղ տեղի պիտի ունենայ յիշատակման արարողութիւն:
