ՀՀ Նախագահը Ցաւակցական Հեռագիր Յղած է Ֆրանսայի Նախագահին

Աշխարհ, Հայաստան

Փարիզի, ինչպէս նաեւ ամբողջ աշխարհի քրիստոնէական խորհրդանիշներէն եւ ճարտարապետական գլուխգործոցներէն մէկուն՝ Աստուածամօր տաճարին մէջ պատահած հրդեհին համար, Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ցաւակցական հեռագիր յղած է Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին: Այս մասին կը տեղեկացնեն Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն։

«Փարիզի Աստուածամօր տաճարը, ուր պահուող գանձերն ու արուեստի ստեղծագործութիւնները չափազանց արժէքաւոր են, միշտ կանգուն եղած է՝ վեհօրէն խորհրդանշելով ֆրանսացի ժողովուրդին հարուստ մշակութային ժառանգութիւնը: Իմ կարեկցանքը կը յայտնեմ բարեկամ ֆրանսացիներուն՝ կիսելով անոնց զգացումները»,- նշուած է նախագահ Արմէն Սարգսեանի ցաւակցական ուղերձին մէջ։