Նիկոլ Փաշինեան Ցաւակցական Նամակ Յղած է Ֆրանսայի Նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ցաւակցական նամակ յղած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին՝ Ապրիլ 15-ին, Փարիզի Աստուածամօր տաճարին մէջ բռնկած հրդեհին առիթով: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն։

Նամակին մէջ, մասնաւորապէս, ըսուած է.

«Մեծարգոյ՛ պարոն Նախագահ, ցնցուած ենք Փարիզի մէջ տեղի ունեցած ողբերգութեամբ: Փարիզի Աստուածամօր տաճարը եւրոպական քաղաքակրթութեան եւ ողջ քրիստոնէական աշխարհի ամենանշանակալից եւ սիրուած խորհրդանիշերէն է: Հայերուս համար անիկա ֆրանսական մշակոյթի եւ հոգեւոր ժառանգութեան իւրատեսակ մարմնաւորում է, որուն հետ մենք նոյնացուցած ենք Փարիզն ու անոր բազմադարեայ պատմութիւնը:

Հայաստան իր համերաշխութիւնը կը յայտնէ ֆրանսացիներուն եւ կը կիսէ անոնց զգացումները:

Միաժամանակ լիայոյս ենք, որ բոլորիս համատեղ ջանքերով կը ձեռնարկուին անհրաժեշտ քայլեր՝ տաճարի նախկին տեսքը վերականգնելու նպատակով»։