ՊԲ Դիրքապահները Կանխած են Հակառակորդի 15 Հոգինոց Խումբին Յարձակման Փորձը
Օգոստոս 17-ին, ժամը 00:00-ի սահմաններուն, հակառակորդի 15 հոգինոց խումբը յարձակման փորձ ձեռնարկած է ՊԲ հիւսիսային հատուածին վրայ տեղակայուած մարտական դիրքերէն մէկուն ուղղութեամբ:
ԱՀ ՊՆ մամուլի ծառայութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ ՊԲ դիրքապահ ստորաբաժանումները ժամանակին հաւաստանշած են հակառակորդի նախայարձակ խումբին գործողութիւնները եւ վերջիններս ետ շպրտած իրենց ելման դիրքերը:
Տեղի ունեցած փոխհրաձգութեան ընթացքին ՊԲ-ն որեւէ կորուստ չէ ունեցած:
Հակառակորդի ունեցած կորուստներուն մասին տուեալները կը ճշտուին: