Հերի Նաճարեան Նշանակուեցաւ Ֆրեզնոյի Մէջ Լիբանանի Պատուոյ Հիւպատոս
29 Մարտ 2019-ին հրատարակուած թիւ 4496 պետական հրամանագիրով Քալիֆորնիոյ ազգայիններէն Հերի Հրայր Նաճարեան նշանակուեցաւ Ֆրեզնոյի մէջ Լիբանանի պատուոյ հիւպատոս :
Այս նշանակումով ցարդ երեք ազգայիններ նշանակուած են պատուոյ հիւպատոս Պանքոքի, Թորոնթոյի եւ Ֆրեզնոյի մէջ:
Հերի Նաճարեան ծանօթ դէմք է թէ՛ Միացեալ Նահանգներու եւ թէ՛ Լիբանանի հայութեան մօտ: Ան իր աշխատանքով եւ նուիրատուութիւններով կ՛օժանդակէ ազգային, մշակութային, կրթական եւ մարմնակրթական հաստատութիւններու: