Իսրայէլական Օդուժը Հարուածած է Հալէպի Շէյխ Նաճճար Շրջանը

Աշխարհ

Սուրիական զինուորական աղբիւրներ կը յայտնեն, որ 27 Մարտ 2019-ի գիշերուան ժամը 11:00-ին, սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը դէմ դրին Հալէպի հիւսիս-արեւելեան արուարձաններէն Շէյխ Նաճճար արդիւնաբերական շրջանին ուղղութեամբ արձակուած իսրայէլական հրթիռներուն՝ վար առնելով անոնց մեծամասնութիւնը։

Աղբիւրին համաձայն, վնասները նիւթական են, մարդկային վնաս չէ արձանագրուած։

Մինչդեռ արտասահմանեան լրատուամիջոցները, վկայակոչելով սուրիական ընդդիմութեան տուեալները,կը յայտնեն, որ հարուածը հասած է այդ շրջանին մէջ գտնուող իրանական զօրքերու դիրքերուն: Հալէպի մէջ խախտուած Է ելեկտրամատակարարումը: The Jerusalem Post թերթը, յղում ընելով իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններուն, կը յայտնԷ, որ հարուածի հետեւանքով Հալէպի մէջ տասը մարդ զոհուած է, կան վիրաւորներ։