
Ճափոնի Կառավարութիւնը Սիսիանին Կը Տրամադրէ Աղբի Տեսակաւորման 65 Աղբաման
«Մարդկային անվտանգութեան ապահովման ծրագրերի համար դրամաշնորհային աջակցութիւն» ծրագիրի շրջագիծին մէջ, Ճափոնի կառավարութիւնը Սիսիանին աղբի տեսակաւորման նպատակով աղբամաններու տեղադրման նախագիծի իրականացման համար, շուրջ 19,914 տոլարի դրամաշնորհ կը տրամադրէ:
Դրամաշնորհային պայմանագիրը ստորագրուած է Չորեքշաբթի, 27 Մարտին, Ճափոնի դեսպան Ճուն Եամատայի եւ «ՈՒՐԲԱՆ» կայուն զարգացման հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Նունէ Ղազախեցեանի կողմէ: