Վրաստանի Մէջ ՀՀ Դեսպանը Հանդիպած է Օզուրկեթիի Հայ Համայնքի Ներկայացուցիչներու Հետ

Հայաստան, Սփիւռք

Մարտ 20-ին, Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպան Ռուբէն Սադոյեան հանդիպում ունեցած է Գուրիայի տարածաշրջանի վարչական կեդրոն Օզուրկեթիի հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ։
Դեսպանը նախ հետաքրքրուած է հայ համայնքը յուզող խնդիրներով եւ խոստացած հնարաւորութեան ողջ սահմաններուն մէջ լուծում տալ անոնց։

Դեսպան Սադոյեան ծանօթացած է Օզուրկեթիի Սբ. Սահակ Պարթեւ կիրակնօրեայ դպրոցի վերանրոգման աշխատանքներուն եւ իր խօսքին մէջ առանձնակի կարեւորութեամբ շեշտած է վերջինիս նշանակութիւնը համայնքի կեանքին մէջ։

Դեսպանը կոչ ըրած է աշխոյժ կապ պահպանել ե՛ւ Պաթումիի ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութեան, ե՛ւ Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան հետ, ինչպէս նաեւ մշտապէս համախմբուած մնալ Հայոց եկեղեցւոյ շուրջ։ Այս մասին կը տեղեկանանք դեսպանատան Facebook-եան էջէն։