
Սայաթ-Նովային Նուիրուած Մրցոյթ Թիֆլիսի Մէջ
«Վիրահայերու Միութիւն»-ը նախաձեռնած է Սայաթ-Նովային նուիրուած մրցոյթ։ Մրցոյթը տեղի պիտի ունենայ աւանդական Վարդատօնին՝ Մայիսին: Այս մասին կը հաղորդէ Akhaltskha.net-ը։
Մասնակցութեան նպատակով անհրաժեշտ է նկարահանել ներկայացուած նմուշը եւ տեղադրել Facebook-ի մէջ նշուած ձեռնարկի նկարներուն համապատասխան բաժինին մէջ։
Նմոյշի տեսքով հնարաւոր է ներկայացնել նկար կամ կոլաժ։ Անհրաժեշտ է պահպանել համապատասխան չափերը 50/60 սմ։ Նկարը տեղադրելու ժամանակ՝ հարկաւոր է նշել հեղինակին անուն ազգանունը եւ նմոյշին անուանումը։
Պէտք է նկատի ունենալ, որ մրցոյթին մասնակցելու համար անհրաժեշտ է նմոյշի նկարը տեղադրել Facebook-ի ձեռնարկի էջին վրայ, հակառակ պարագային մասնակցութիւնը չ՝արտօնուիր։
Մրցոյթը կ՝իրականացուի Թիֆլիսի քաղաքապետարանին հետ համագործակցութեամբ։