Վարչապետը Համապետական Մաքրութեան Օրուան Աշխուժօրէն Մասնակցելու Կոչ Կ՛ընէ
ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կոչ կ՛ուղղէ բնակչութեան աշխոյժօրէն մասնակցելու համապետական մաքրութեան օրուան: Ան այս մասին գրած է «Ֆեյսպուք»-ի իր էջին վրայ:
«Կոչ կ՛ընեմ աշխուժօրէն մասնակցելու համապետական մաքրութեան օրուան: Մենք ընտանիքով նոյնպէս պիտի մասնակցինք այս կարեւոր նախաձեռնութեան»,- նշած է ան:
Փաշինեան նաեւ հրապարակած է Մարտ 23-ին կայանալիք համապետական շաբաթօրեակի մասին իրազեկող հոլովակ:
