Ատրպէյճան Հայաստանի Հետ Սահմանին Վրայ Նոր Զօրամաս Տեղակայած Է

Աշխարհ, Հայաստան

Ատրպէյճան Հայաստանի հետ սահմանին վրայ նոր զօրամաս տեղակայած է: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ ազրպէյճանական պաշտօնական աղբիւրներու համաձայն, զօրամասը կառուցուած է սահմանագօտիի Ղազախ-Աղստաֆա հատուածին մէջ:

Ատրպէյճանի սահմանային պետական ծառայութեան ղեկավար Էլչին Ղուլիեւի համաձայն, նոր զօրամասը կարեւոր է պետական սահմանի ամբողջականութեան ապահովման տեսանկիւնէն:

Ղազախի շրջանին հետ Տաւուշի մարզի սահմանը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ամէնէն երկար հատուածն է: