Վաքըֆի Մէջ Հայերը Նշած են Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման Տօնը

Աշխարհ, Սփիւռք

Պաշտօնապէս Թուրքիոյ «միակ հայկական գիւղի՝» Վաքըֆի հայերը նշած են Հայ առաքելական եկեղեցւոյ 5 տաղաւար տօներէն մէկը եղող Սուրբ Աստուածածնի վերափոխման տօնը: Կրօնական արարողութեան ժամանակ շարականներ եւ աղօթքներ հնչած են, իսկ արարողութենէն ետք կատարուած է խաղողի օրհնութեան կարգ:  Այդ մասին կը հաղորդէ Akunq.net-ը` վկայակոչելով թրքական լրատուամիջոցները:

Աղբիւրին համաձայն` Վաքըֆի հայկական եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած պատարագին բազմաթիւ քրիստոնեայ հայեր մասնակցած են Պոլիսէն, Անգարայէն, Սամանտաղէն, Անթաքիայէն եւ Իսքենտերունէն: Մասնակիցներուն հիւրասիրած են նաեւ հայկական աւանդական հարիսայիով:

Տօնակատարութեան մասնակցած է Կ.Պոլսոյ հայոց պատրիարքի փոխանորդ, արքեպիսկոպոս Արամ Աթէշեան, իսկ պատարագը մատուցուած է Հաթայ նահանգի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւորական Աւետիս Թաբաշեանի ձեռամբ, որ ներկաներուն բացատրած է տօնին խորհուրդը:

Leave a Reply