
Հայաստան Արցախին Պիտի Նուիրէ Շտապ Օգնութեան 10 Նոր Մեքենայ
Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան Մարտ 4-ին ընդունած է ՀՀ առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեանը:
Պետական նախարարը բարձր գնահատած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան եւ Արցախի գործընկեր կառոյցի հետ փոխգործակցութեան առկայ մակարդակը` կարեւոր համարելով այդ ուղղութեամբ իրականացուող աշխատանքներու հետեւողական շարունակականութիւնը: Ան նաեւ ընգծած է ելեկտրոնային առողջապահութեան համակարգի ներդրման, ինչպէս նաեւ ընթացիկ տարուընէ բժշկական ապահովագրութեան փորձնական կիրառման ծրագիրները: «Յատկապէս բժշկական ապահովագրութիւնը կը համարենք առաջնային եւ պահանջուած», ըսած է Մարտիրոսեան:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար` ՀՀ առողջապահութեան նախարարը եւս գոհունակութիւն յայտնած է Արցախի առողջապահութեան համակարգի հետ համագործակցութեան համար` նշելով, որ Հայաստանի մէջ իրականացուող զարգացման բոլոր ծրագիրներուն մէջ միշտ հաշուի կ՛առնուին նաեւ Արցախի խնդիրները: «Յառաջիկային Արցախի մեր գործընկերներուն պիտի տրամադրենք շտապ օգնութեան նոր եւ արդիականացուած տասը մեքենաներ: Նաեւ պիտի ըլլան աջակցութեան այլ ծրագիրներ: Իսկ ապահովագրութեան համակարգի ներդրման առաջնային նպատակը պէտք է ըլլայ ընկերային ուղղուածութիւնը։ Անիկա պէտք չէ դառնայ սոսկ ֆինանսական շուկայի զարգացման առաջնահերթ գործիք: Համոզուած եմ` այս հարցով ՀՀ կառավարութեան` յառաջիկայ ընդունելիք որոշումը պիտի ըլլայ այդ տրամաբանութեան մէջ, եւ մեր համագործակցութիւնը նաեւ այս բնագաւառին մէջ կարեւոր հեռանկար պիտի ունենայ»,- ըսած է Թորոսեան:
Այնուհետեւ զրուցակիցները մտքեր փոխանակած են երկու նախարարութիւններու միջեւ կապերու խորացման, նոր արհեստագիտութիւններու ներդրման, մասնագէտներու վերապատրաստման եւ շարք մը այլ հարցերու շուրջ: Հանդիպումին մասնակցած է նաեւ Արցախի առողջապահութեան նախարար Արայիկ Բաղրեանը: