Ռուսիան Թուրքիայէն Ներկրուած 19 Թոն Խնձորը Ետ Ուղարկած է

Աշխարհ

Ռուսիոյ անասնաբուժական ու բուսաբանական վերհսկողութեան դաշնային ծառայութիւնը («Ռոսսելխոզնադզօր») ետ ուղարկած է Թուրքիայէն Գալնինիկրատ շրջան ներկրուած 19 թոն խնձորը։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով Sputnik.com.tr-ը։

Պատճառը այն է, որ Ռուսիա արտահանուած խնձորի պարէնային անվտագութեան վկայագիրը կեղծ եղած է։

Այդ իսկ պատճառով՝ ռուս մասնագէտները որոշում կայացուցած են Թուրքիայէն ներկրուած ապրանքը ետ ուղարկելու։

Յիշեցնենք, որ ասիկա առաջին դէպքը չէ, երբ Ռուսիան Թուրքիայէն ներկրուած միրգերը ետ կ՝ուղարկէ։