«Միտքերու Գագաթնաժողով»-ը Առաջին Անգամ Ըլլալով Պիտի Հիւրընկալուի Հայաստանի Մէջ
Ամէն տարի, Ֆրանսայի Շամոնի քաղաքին մէջ տեղի ունեցող «Միտքերու գագաթնաժողով»-ը (Summit of Minds), այս տարի՝ առաջին անգամ ըլլալով՝ պիտի կազմակերպուի Հայաստանի մէջ:
Հայաստանի նախագահի մամլոյ ծառայութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ Armenian Summit of Minds խորագիրով գագաթնաժողովը տեղի պիտի ունենայ 7-9 Յունիսին, Երեւանի եւ Դիլիջանի մէջ։
Գագաթնաժողովի գլխաւոր գործընկերն է՝ The Monthly Barometer յայտնի վերլուծական թերթը:
Ժողովը կազմակերպելու համաձայնութիւն գոյացած է Սեպտեմբեր 2018-ին, երբ նախագահ Արմէն Սարգսեան՝ իբրեւ գլխաւոր բանախօս՝ կը մասնակցէր ամէնամեայ «Միտքերու գագաթնաժողով»-ին:
Այս գագաթնաժողովին պիտի մասնակցին անուանի եւ ազդեցիկ շուրջ 300 քաղաքական գործիչներ, գիտնականներ, գործարար-ներդրողներ, մեծագոյն ընկերութիւններու եւ լրատուամիջոցներու ղեկավարներ ամբողջ աշխարհէն:
Հայաստան Շամոնիէն դուրս առաջին երկիրն է, որ պիտի հիւրընկալէ այս ժողովը:
Armenian Summit of Minds-ի քննարկումի հիմնական թեման «Տարածաշրջանային աշխարհաքաղաքականութիւնը, տնտեսութիւնը եւ ներդրումները. բազմաբեւեռութեան ազդեցութիւնը առեւտուրի եւ ներդրումային հոսքերու վրայ» խորագիրն է:
