Արցախի Մէջ Զինուոր Մը Մահացած է

Հայաստան

Փետրուար 12-ին` ժամը 18:00-ին նախնական` լէարդի անբաւարարութիւն, սրտի կանգ ախտորոշումով ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ Մարտակերտի զինուորական հիւնադանոց տեղափոխուած է Պաշտպանութեան բանակի հիւսիս-արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մէջ ծառայող, 2000-ի ծնունդ Ֆրունզիկ Վալերիի Թամազեանը, կը տեղեկացնէպաշտպանութեան նախարարութիւնը:

Հակառակ բժիշկներու գործադրած ջանքերուն` ժամը մօտ 20:30-ին զինծառայողը մահացած է:

Դէպքի մանրամասնութիւնները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն:

Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ մահացած զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն ու ծառայակիցներուն: