Հայ Դատը Կը Քննադատէ Թուրք Գործակալին Դէմ Արձակուած Մեղմ Պատիժը

Աշխարհ, Սփիւռք

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ երկար տարիներու հետաքննութիւններէ եւ միջազգային հետապնդումէ ետք ձերբակալուած թուրք գործակալ Քեմալ «Քեւըն» Օքսուզի դէմ դատը 11 Փետրուարին աւարտեցաւ դատաւորին կողմէ շատ մեղմ պատիժի մը արձակումով։

Արդարեւ, հակառակ դատախազութեան պահանջած աւելի խիստ պատիժին, դատաւոր Թանիա Չութքան բաւարար նկատեց ենթակային Հայաստանի մէջ 3 ամիս եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ մէկ շաբաթ բանտարկուած մնալը, միայն երկու տարի հսկողութեան տակ պահելը եւ 20,000 տոլար տուգանք սահմանեց անոր դէմ։ Ենթական Դեկտեմբերին ազատ արձակուած էր 50,000 տոլար գրաւի դիմաց։

«Ծիծաղելիօրէն մեղմ այս վճիռը սխալ պատգամ կ՛ուղղէ օտար պետութեանց, զանոնք հրաւիրելով միջամուխ ըլլալու ամերիկեան քաղաքական կեանքին», յայտարարեց Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան՝ աւելցնելով, որ այս բացայայտումը առնուազն կրցած է լուսարձակի տակ առնել Պաքուի ապատեղեկատուական ջանքերուն տարողութիւնը։

Յիշեցնենք, որ Հայ Դատի յանձնախումբին առաջնորդութեամբ իրականացած ժողովրդային արշաւի մը շնորհիւ, կարելի եղած է պարտադրել Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան նախարարութեան, որ բացայայտէ ամերիկեան քաղաքացիութիւն ունեցող Օքսուզի հետաքննութեան փաստաթուղթերը: Այս բացայայտումին շնորհիւ հաստատուած է, որ Պաքուի ի նպաստ լոպիական աշխատանք տարած գործակալը ընդունած է իր յանցանքը՝ դէպի Ատրպէյճան քոնկրեսականներու ճամբորդութեանց մասին Քոնկրեսին սուտ խօսելուն վերաբերեալ:

Նշենք, որ ենթական Հիւսթընի մէջ իբրեւ ոչ-հասութաբեր կազմակերպութիւն արձանագրել տուած էր հաստատութիւն մը, որ 2013-ին կազմակերպած էր խումբ մը ամերիկացի քոնկրեսականներու Ատրպէյճան այցելութիւնը: Օքսուզ սուտ տեղեկութիւններ փոխանցելով՝ փորձած էր ծածկել այն իրողութիւնը, թէ 11 քոնկրեսականներուն եւ անոնց մօտաւորապէս 30 օգնականներուն Ատրպէյճան կատարած այցելութեան բոլոր ծախսերը հոգացած էին Ատրպէյճանի իշխանութիւնները, պետական «Սոքար» ընկերութեան միջոցաւ: Ան նաեւ շինծու փաստաթուղթեր պատրաստած էր՝ ծածկելու համար մօտաւորապէս 750,000 տոլարի վճարումներուն իսկական աղբիւրը:

Օքսուզ Սեպտեմբերին ձերբակալուած էր Հայաստանի մէջ, իսկ աւելի ուշ Հայաստանի գլխաւոր դատախազութիւնը Միացեալ Նահանգներու իրաւասու մարմիններուն արտայանձնեց զայն: Օքսուզ Հայաստանի մէջ եւս հակաօրինական գործունէութիւն ծաւալած է եւ անոր հիմնած «Սենա Կրուփ» ընկերութիւնը խուսափած է հարկեր վճարելէ:

«Մարմարա»ն կ՛աւելցնէ, թէ Անգարա եւս կը հետապնդէ Օքսուզը, զայն այլախոհ քարոզիչ Ֆեթհուլլահ Կիւլենի գործիչներէն մէկը նկատելով եւ պնդելով, որ ան նաեւ Թուրքիոյ շահերուն դէմ աշխատած է։ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը նշէ, որ Օքսուզ 1.7 միլիոն տոլար արժողութեամբ շքեղ առանձնատուն մը ունի Վըրճինիա նահանգի Արլինկթըն քաղաքին մէջ։