
Եւրոպական Դրամատունը 5.15 Միլիոն Եուրօ Կը Յատկացնէ Հայաստանին
Եւրոպական ներդրումային դրամատունը 5.15 միլիոն եուրօ դրամաշնորհ պիտի տրամադրէ Հայաստանին՝ ճանապարհային անվտանգութեան բարելաւման ուղղուած ծրագիրներու համար: Այս մասին կը հաղորդէ PanArmenian.net-ը։
Դրամաշնորհէն 0.65 միլիոն եուրօն պիտի յատկացուի արհեստագիտական աջակցութեան խորհրդատուական ծառայութիւններուն, 4.25 միլիոնը՝ շինարարական աշխատանքներուն, եւ 0.25 միլիոնը՝ այլ կազմակերպչական ծախսերու: