ՀՀ Կառավարութեան Ծրագիրով Կ՝ազդարարենք Տնտեսական Յեղափոխութեան Մեկնարկը. Նիկոլ Փաշինեան

Հայաստան

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի համոզումով՝ ՀՀ կառավարութեան ծրագիրին հաստատումով՝ երկրին մէջ կը սկսի տնտեսական յեղափոխութեան փուլը:

«Քանի որ կառավարութեան ծրագիրը երկու օր առաջ հրապարակուած էր՝ եղան որոշակի արձագանգներ, որոնց շուրջ մենք նաեւ կառավարութեան մէջ քննարկում նախաձեռնեցինք, որ մեզի օգնեց մէկ անգամ եւս արձանագրելու, որ կառավարութեան այս ծրագիրը լիարժէք կերպով կը համապատասխանէ մեր ունեցած հայեցակարգային պատկերացումներուն: Մեր հայեցակարգային պատկերացման համար անկիւնաքարային նշանակութիւն ունի հետեւեալը. մենք հռչակած ենք տնտեսական յեղափոխութեան հայեցակարգը, այս ծրագիրով կ՝ազդարարենք տնտեսական յեղափոխութեան մեկնարկը՝ արձանագրելով որ կառավարութեան գործառոյթը կը շարունակէ մնալ նոյնպիսին, ինչպէս Հայաստանի մէջ ոչ բռնի, թաւշեայ յեղափոխութեան գործառոյթը՝ այն է՝ ստեղծել հնարաւորութիւններ: Կառավարութիւնը ինքզինք կը համարէ այս գործընթացի կարեւոր մասնակիցներէն մէկը եւ պատրաստ է իր քայլերով քաղաքացիները քաջալերելու, որպէսզի անոնք օգտուին այդ հնարաւորութիւններէն»,- կառավարութեան նիստում յայտարարեց ՀՀ վարչապետը:

Անոր խօսքով՝ մարդիկ պէտք է հնարաւորութիւն ունենան տեսնելու, շօշափելու այդ հնարաւորութիւնները, որոնք կառավարութիւնը պէտք է ապահովէ կիրառման համապատասխան գործիքակազմով: