Խաժակ Արք. Պարսամեան ու Չաւուշօղլու Անգարայի Մէջ Քննարկած են Պոլսոյ Պատրիարքի Ընտրութեան Հարցը

Աշխարհ, Սփիւռք

Վատիկանի մէջ հայ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Գերաշնորհ Տէր Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեան, Փետրուար 4-ին, Անգարայի մէջ հանդիպած է Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ. Հանդիպումը տեւած է մօտ 1 ժամ:

Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանէն կը յայտնեն, որ հանդիպումը ծրագրուած եղած է նախապէս:

Հանդիպման ներկայ գտնուած են նաեւ Մայր Աթոռի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի տնօրէն Շահէ Անանեան ու Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի փոխանորդ Արամ արք․ Աթէշեան:

Կը նշուի, որ քննարկման ընթացքին նախարար Չաւուշօղլու յայտնած է, որ տեղեակ է Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի ձգձգուող ընտրութեան հետ կապուած խնդիրներու մասին: Թուրքիոյ ԱԳՆ ղեկավարը շեշտած է, որ իրենք կը հետեւին Պոլսոյ պատրիարքարանին մէջ տեղի ունեցող անցուդարձին:

«Նախարարը համբերութիւն պահանջեց` բարւոք լուծում գտնելու համար», – ըսուած է պատրիարքարանի տարածած հաղորդագրութեան մէջ: