Եւրոխորհրդարանին Առաջարկուած է Թուրքիոյ Կոչ Ընել՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու
Փետրուար 4-ին, Եւրոպական խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին կողմէ քննարկման դրուած է Թուրքիոյ վերաբերեալ զեկոյցի նախնական տարբերակը։
Թուրքիոյ հարցերով ԵԽ զեկուցող Քեթի Փիրիի կողմէ կազմուած զեկոյցով՝ եւրոմիութեան կոչ կ՝ուղղուի կասեցնելու Թուրքիոյ հետ անդամակցութեան բանակցութիւնները։
Այս զեկոյցը արդէն իսկ խիստ քննադատութեան արժանացած է Անգարայի կողմէ։ Բայց ուշագրաւ է, որ զեկոյցին մէջ փոփոխութիւններ մտցնելու վերաբերեալ եղած է 319 առաջարկ, որոնք ընդհանուր առմամբ նոյնպէս դժգոհութիւն յարուցած են Թուրքիոյ մէջ։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով hurriyet.com.tr-ը։
Մասնաւորապէս առաջարկուած է Եւրոպական միութեան ահաբեկչական խմբաւորումներու ցանկէն հանել Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական կազմակերպութիւն համարուող «Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան» (PKK-ՔԲԿ) անունը։ Թրքական մամուլին գնահատականով՝ այդ առաջարկի ընդունման պարագային Թուրքիոյ եւ ԵՄ-ի միջեւ նոր ճգնաժամը անխուսափելի պիտի ըլլայ։
Առաջարկ եղած է նաեւ զեկոյցին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու՝ ներառելով Թուրքիոյ ուղղուած կոչ՝ ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը։
Կոչ եղած է նաեւ ազատ արձակելու Թուրքիոյ մէջ կալանաւորուած ընդդիմադիր քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական» կուսակցութեան (HDP-ԺԴԿ) նախկին համանախագահ Սէլահէտտին Տէմիրթաշը։
Առաջարկուած է նաեւ՝ Թուրքիոյ դէմ զէնքի ամբարգոյ կիրառել, դադրեցնել Թուրքիոյ «Akkuyu» աթոմակայանի նախագիծը, զեկոյցէն հեռացնել «Մաքսային միութեան» ընդլայնման եւ Թուրքիոյ քաղաքացիներու համար վիզաներու ազատականացման մասին գլուխները։
Աղբիւրի հաւաստիացումով՝ Թուրքիոյ օգտին զեկոյցին մէջ փոփոխութիւններ մտցնելու վերաբերեալ առաջարկները շատ քիչ եղած են։ Զեկոյցի վերջնական տարբերակը պատրաստ պիտի ըլլայ Մարտ 11-14-ին եւ քննարկման պիտի դրուի Եւրոպական խորհրդարանին մէջ։
