Հայ Դատը Կը Քննադատէ Հայկական Ընկերութեան Դէմ Ամերիկայի Պատիժը

Աշխարհ, Սփիւռք

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան անդրադարձաւ Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութեան կողմէ հայկական զբօսաշրջութեան ընկերութեան մը դէմ սահմանուած պատժամիջոցներուն, որոնք պայմանաւորուած են իրանեան «Մահան Էր» օդանաւային ընկերութեան հետ համագործակցելուն հանգամանքով:

Համբարեան կը քննադատէ անհասկնալիօրէն խտրական այս քայլը՝ մատնանշելով, որ իրանեան ընկերութեան հետ աշխատող բազմաթիւ այլ ընկերութիւններ անպատիժ մնացած են եւ որոշ ակնյայտ տուեալներ նկատի չեն առնուած։

Մէջբերելով ամերիկացի լրագրող Էմանուէլ Օթոլենկիի իրականացուցած հետազօտութեան տուեալները՝ ան կը նշէ, որ «Մահան Էր»ի հետ առնուազն 67 ընկերութիւններ աշխատած են, ներառեալ զբօսաշրջութեան 8 ընկերութիւններ՝ Թուրքիայէն, սակայն այդ տուեալը անտեսուած է պատժամիջոցներու մասին նիւթի հրապարակման ընթացքին:

«Իրանեան ընկերութեան կայքին վրայ նաեւ տեղեկութիւններ կան 26 մասնաճիւղերու եւ վաճառքի գրասենեակներու մասին, որոնցմէ 3-ը կը գործեն Թուրքիոյ մէջ: Սակայն, Ամերիկա միայն երեք ընկերութեանց դէմ պատժամիջոցներ սահմանած է: Անոնք կը գտնուին Մալեզիոյ, Թայլենտի եւ Հայաստանի մէջ։ Ցարդ որեւէ պաշտօնական մեկնաբանութիւն չկայ պատժամիջոցներ սահմանելու այս կամայական բնոյթին վերաբերեալ»,- կը գրէ Համբարեան: