Նիկոլ Փաշինեան եւ Անկելա Մերքել Առանձնայատուկ Կարեւորութիւն Տուած են Տնտեսական Համագործակցութեան

Աշխարհ, Հայաստան

Գերմանիան Հայաստանի Հանրապետութեան համար կարեւոր միջազգային գործընկեր է: Ըստ Armenpress.am-ի՝ Պեռլինի մէջ, Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի հետ հանդիպումէն ետք կայացած մամուլի ասուլիսին ընթացքին, այս մասին ըսաւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: Գերմանիան Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներէն Հայաստանի համար առաջին առեւտրատնտեսական գործընկերն է, իսկ աշխարհի մէջ՝ երկրորդը:

«Այս փաստով արդէն կ՝արձանագրուին այն առանձնայատուկ յարաբերութիւնները, որ ունին Հայաստանը եւ Գերմանիան: Մեր յարաբերութիւնները բաւական լաւ, հզօր զարգացում կը ստանան, եթէ հաշուի կ՝առնենք այն հանգամանքը, որ ընդամէնը քանի մը ամիս առաջ տիկին վարչապետը Հայաստան եկած էր, իսկ հիմա տեղի կ՝ունենայ իմ այցը: Ես ուրախ եմ, որ այս ընթացքին կարեւոր զարգացումներ արձանագրուած են Հայաստանի մէջ, որ ցոյց տուած է, որ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական զարգացումները անշրջելի են: Կարեւոր է ընդգծել, որ մեր ԵՄ գործընկերները եւ Գերմանիան այս բարեփոխումներու ծիրէն ներս մեր առջեւ չեն դրած աշխարհաքաղաքական ընտրութեան խնդիր, որ կը նշանակէ, որ մեր բարեփոխումներու օրակարգը կրնայ լիարժէք իրականացուիլ Եւրոմիութեան եւ, ի հարկէ, նաեւ Գերմանիոյ աջակցութեամբ»,- ըսաւ Փաշինեան:

ՀՀ վարչապետը ընդգծեց, որ Անկելա Մերքելի հետ կայացած հանդիպման ընթացքին առանձնայատուկ կարեւորութիւն տուած են Հայաստանի եւ Գերմանիոյ տնտեսական համագործակցութեան: «Հայաստանի մէջ գերմանական դրամագլուխի ներդրումով կ՝իրականացուի քանի մը կարեւոր ծրագիր: Մենք յոյս ունինք, որ գերմանական ներդրումները Հայաստանի մէջ անխուսափելիօրէն պիտի աւելնան»,- նշեց ՀՀ վարչապետը:

Նիկոլ Փաշինեան եւ Անկելա Մերքել նաեւ անդրադարձան տարածաշրջանային եւ միջազգային օրակարգի կարեւոր հարցերուն: «Ուրախ եմ արձանագրելու, որ այդ հարցերուն վերաբերեալ մենք ունինք փոխադարձ ըմբռնում: Ի հարկէ, մեր տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը շատ կարեւոր են, բայց խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովումը պէտք է ըլլայ բազմակողմ ջանքերու արդիւնք»,- ըսաւ Փաշինեանը՝ շեշտելով, որ այս ծիրէն ներս անդրադարձած են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման: