Լիբանան Երկու Հայ Նախարար Ունեցաւ

Աշխարհ, Սփիւռք

Ինը ամսուան աշխատանքէ եւ խորհրդակցութիւններէ ետք, վարչապետ Սաատ Հարիրի` օժանդակութեամբ քաղաքական գրեթէ բոլոր ուժերուն՝ կրցաւ կազմել Լիբանանի նոր կառավարութիւնը:

Ըստ «Ազդակ»-ի՝ Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն, որ ամբողջ օրուան ընթացքին հետեւած էր կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին եւ անոր արձանագրած զարգացումներուն, երէկ երեկոյեան ժամը 5:30-ին, նախագահական պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Հարիրին, որ նախագահ Աունին ներկայացուց կառավարութեան կազմը։

Այսպէս, Լիբանանի Հանրապետութեան 30 նախարարներէն կազմուած կառավարութեան մէջ լիբանանահայութիւնը, առաջին անգամ ըլլալով, ունեցաւ երկու նախարար՝

-Աւետիս Կիտանեան` զբօսաշրջութեան նախարար,

-Ռիշար Գույումճեան` ընկերային հարցերու նախարար։