ՀՀ Վարչապետը Հանդիպում Ունեցած է Գերմանիոյ Խորհրդարանի Պատգամաւորներու Հետ
Գերմանիա պաշտօնական այցին ծիրէն ներս, Յունուար 31-ի երեկոյեան, ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աշխատանքային ընթրիք-հանդիպում ունեցած է ԳԴՀ խորհրդարանի Գերմանիա-Հարաւային Կովկաս խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի պատգամաւորներու հետ:
ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան տեղեկութիւններով՝ հանդիպումին մասնակցած են նաեւ Գերմանիոյ վարչապետի աշխատակազմի եւ ԳԴՀ արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչներ:
Ողջոյնի խօսքին մէջ, վարչապետ Փաշինեան նշած է, որ հայ-գերմանական համագործակցութեան հզօր զարգացումը այսօր Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մէջ առաջնային տեղ ունի, եւ միջխորհրդարանական յարաբերութիւնները երկկողմ օրակարգի վրայ կը զբաղցնեն յատուկ տեղ: Այս ծիրէն ներս՝ ՀՀ կառավարութեան ղեկավարը կարեւոր համարած է գերմանացի խորհրդարանականներու հետ աշխոյժ կապերը։
Անդրադառնալով Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող ժողովրդավարական փոփոխութիւններուն` վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նշած է. «Յեղափոխութիւնը եկաւ հաստատելու մեր ժողովուրդի հաւատարմութիւնը ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան, համընդհանուր ազատութիւններու ապահովման: Ասիկա մեր ժողովուրդի գիտակցուած ընտրութիւնն է, որ վերահաստատուեցաւ 2018 Դեկտեմբեր 9-ի ընտրութիւններուն արդիւնքներով: Ամէն բան պիտի ընենք, որ ամրապնդենք ժողովրդավարական հիմնարկները»:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են հայ-գերմանական համագործակցութեան զարգացման, միջխորհրդարանական կապերու ամրապնդման, Հայաստան–Եւրոմիութիւն գործընկերութեան, մեր երկրին մէջ տեղի ունեցող ժողովրդավարական փոփոխութիւններուն վերաբերող հարցեր:
