Լիբանանի Դահուկարշաւի Պատուիրակութիւնը Հայաստան Մեկնած է

Այլեւայլ, Աշխարհ, Հայաստան

Լիբանանի դահուկարշաւի պատուիրակութիւնը, Յունուար 29-ին, մեկնած է Հայաստան՝ իր մասնակցութիւնը բերելու փոքր երկիրներու դահուկարշաւի մրցաշարքին: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազդակ»-ը։

Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Եուսեֆ Շամել Խալիլ, պատուիրակութեան պատասխանատուն է Նաժի Խալիլ, մարզիչը` Առնօ Ռինիօ, իսկ մարզիկները` Էլիսա Ժորժ, Ինկրիտ Ասուատ, Լիզա Ռաֆայէլ, Լուքաս Քէյրուզ, Ֆուատ Միշել Սատեր, Ռէյ Իսքանտար եւ Ռոլան Խալիլ:

Դահուկարշաւի միջազգային ֆետերասիոնին կողմէ կազմակերպուած այս մրցաշարքը Լիբանանի համար կու գայ զարգացնելու արտաքին մասնակցութիւնը, որպէսզի լիբանանցի մարզիկները կարենան միջազգային յաւելեալ փորձառութիւն ձեռք ձգել: