Հայ Մարզիկները Երկու Մետալ Նուաճած են Զարգացող Երկիրներու Լեռնադահուկասփորթի Բաժակի Խաղարկութեան
Ծաղկաձորի մէջ ընթացող Զարգացող երկիրներու լեռնադահուկասփորթի բաժակի խաղարկութեան՝ Հայաստանը ունի արդէն քանի մը մետալ:
Armenpress.am-ի տեղեկութիւններով` մրցաշարի հերթական օրը` ոլորավայրէջք ձեւին մէջ, Հայաստանի ներկայացուցիչ Աշոտ Կարապետեան նուաճած է մէկ ոսկի եւ մէկ արծաթ մետալ:
Մրցաշարին կը մասնակցին 5 երկրի` Հայաստանի, Իրանի, Լիբանանի, Սերպիոյ, Խրխըզիստանի ներկայացուցիչներ: Ընդհանուր առմամբ, առաջին անգամ իրականացուող մրցաշարին կը մասնակցին 22 տղայ եւ 10 աղջիկ:
Մրցաշարը պիտի եզրափակուի Փետրուար 1-ին:
