Հիւսիսային Կիպրոսը Չի Մասնակցիր Արցախի Մէջ Կայանալիք Ֆութպոլային Առաջնութեան

Այլեւայլ, Աշխարհ, Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան մէջ, 2019 Յունիսին պիտի կայանայ չճանչցուած երկիրներու ֆութպոլի Եւրոպայի առաջնութիւնը։ Յայտնի դարձած է, որ այդ առաջնութեան պիտի չմասնակցի Հիւսիսային Կիպրոսի թրքական ինքնահռչակ հանրապետութիւնը։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով Gundemkibris.com.tr-ը։

Ըստ աղբիւրին՝ Հիւսիսային Կիպրոսի չմասնակցելուն պատճառը այն է, որ առաջնութիւնը պիտի իրականացուի Արցախի մէջ։

Ինչպէս յայտնի է, առաջնութեան կը մասնակցի 12 հաւաքական, որոնք բաժնուած են 4 խումբի։

A խումբ – Արցախ, Սաբմի, Լուկանսք

B խումբ – Աբխազիա, Նիսի կոմսութիւն, Չամերիա

C խումբ – Բատանիա, Տոնեցկ, Սարտինիա

D խումբ – Սեգէյեան երկիր, Արեւմտեան Հայաստան, Հարաւային Օսէթիա