Հայ-Ամերիկեան Բժշկական Առաքելութեան Աջակցութիւնը Աշտարակի Բժշկական Կեդրոնին
Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Պերճ Աբգարեանի ջանքերով ստեղծուած Հայ-ամերիկեան բժշկական առաքելութիւն ծրագիրը, Յունուար 24-ին, Աշտարակի բժշկական կեդրոնին նուիրած է յատուկ սառնարան եւ գերժամանակակից ախտորոշիչ սարքաւորում: Այս մասին կը տեղեկացնէ Արագածոտնի մարզպետարանը։
Այս աջակցութեան շնորհիւ, այսուհետեւ կարելի պիտի ըլլայ անխախտ պահել հիւանդներէն վերցուած նմուշներու տաքութեան մակարդակը, իսկ տարրալուծարանային հետազօտութիւնները պիտի կատարուին աւելի մասնագիտացած ձեւով՝ երաշխաւորելով արդիւնքներուն ճշգրտութիւնը:
Նաեւ, բժշկական պարագաներու ներածումով զբաղուող «Մետիթեք» ընկերութեան փոխտնօրէն Սամուէլ Խաչատրեան պատրաստակամութիւն յայտնած է Աշտարակի տարածաշրջանի մանկապարտէզներուն եւ դպրոցներուն առաջին բուժօգնութեան պատշաճ ցուցաբերման համար նշուած ուսումնական հաստատութիւններուն նուիրել անհրաժեշտ պարագաներ:
Հիւանդանոցին ցուցաբերած աջակցութեան համար, Արագածոտնի մարզպետ Դաւիթ Գէորգեան շնորհակալութիւն յայտնած է բարերարներուն, ծրագիրի ներկայացուցիչ Դանիէլ Գէորգեանին, «Մետիթեք»-ի փոխտնօրէն Սամուէլ Խաչատրեանին, որմէ ետք Աշտարակ բժշկական կեդրոնի տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Արգիշտի Յովհաննիսեանի հետ շրջած է հիւանդանոցի տարբեր բաժանմունքները՝ ծանօթանալով կատարուող աշխատանքներուն: Նաեւ, քննարկուած են հիւանդանոցի բարեկարգման եւ յառաջիկայ համագործակցութեան կարելիութիւնները:
Պատուոյ հիւպատոս Պերճ Աբգարեան յառաջիկայ ամիս Հայաստան պիտի այցելէ՝ ծրագիրին տարեկան 5-րդ առաքելութեան նախապատրաստական աշխատանքներուն համար, որուն գլխաւոր թիրախը պիտի ըլլայ Աշտարակ բժշկական կեդրոնին վիրաբուժական բաժանմունքին հիմնական նորոգութիւնը, որ պիտի արժէ մօտաւորապէս 300,000 տոլար։
