Հայաստանի Մէջ Շուրջ 16 Հազար Անձ Քրէական Հսկողութեան Տակ Է․ ԵԽ

Աշխարհ, Հայաստան

Եւրոպական Խորհուրդին կողմէ հրապարակուած տարեկան զեկուցումին մէջ Հայաստանի վերաբերող բաժինով կը նշուի, որ Հայաստանի մէջ 15,898 քաղաքացի կը գտնուի քրէական հսկողութեան տակ։ Ասիկա ձերբակալուածներուն, դատապարտեալներուն եւ փորձաշրջանի հսկողութեան տակ գտնուող անձերուն ընդհանուր թիւն է։ Ընդհանուր առմամբ՝ Դեկտեմբեր 2025-ի դրութեամբ, հայաստանեան բանտերուն մէջ պահուած են 2686 դատապարտեալ եւ ձերբակալուած։ Փորձաշրջանի հսկողութեան տակ է 13,212 հոգի։

«Փորձաշրջանը եւ բանտերը Եւրոպայի մէջ» վերնագրուած զեկոյցին մէջ կան նաեւ մահացութեան վերաբերեալ տուեալներ։ Ըստ այդմ՝ 2024-ին փորձաշրջանի տակ գտնուող անձերուն մէջ մահացութեան համեմատութիւնը կազմած է 43․1 մահ՝ 10 հազար անձի հաշուով, իսկ բանտերուն մէջ արձանագրուած է 37.2 մահ՝ 10 հազար ձերբակալուածի կամ դատապարտեալի հաշուով։

Հայաստանը փորձաշրջանի մէջ եղողներու բարձր ցուցանիշ ունեցող երկիրներու շարքին է՝ 429 անձ՝ 100 հազար բնակիչի հաշուով։ Նման բարձր ցուցանիշներ Եւրոպայի մէջ ունին Լեհաստանը, Թուրքիան, Վրաստանը եւ Ալպանիան։ Կիները կազմած են փորձաշրջանի տակ գտնուողներուն 4.4 տոկոսը եւ բանտերուն մէջ պահուողներուն 2.6 տոկոսը։

Ըստ զեկոյցին՝ փորձաշրջանի հսկողութեան ընթացքին Հայաստանի մէջ ոչ մէկ անձ պայմանականօրէն ժամկէտէն առաջ արձակուած է պատիժէն։