Հայաստանը՝ Լրագրողներ Ձերբակալող Պետութիւններու Եւրոպական Ցանկին Վրայ․ «Ազատութիւն»

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանը առաջին անգամ ընդգրուած է լրագրողներ ձերբակալող պետութիւններու ցանկին վրայ։ Այս մասին, ըստ «Ազատութիւն» լրատուականի, նշուած է Եւրոպայի խորհուրդի եւ անոր գործընկեր կազմակերպութեան՝ «Լրագրողներու անվտանգութեան փլաթֆորմ»-ի այսօր հրապարակած տարեկան զեկոյցին մէջ։

«2025 թուականի վերջը Հայաստանը առաջին անգամ Փլաթֆորմին կողմէ արձանագրուեցաւ որպէս լրագրող կամ այլ լրատուական դերակատար ձերբակալող պետութիւններու շարքին։ Ատիկա տեղի ունեցաւ փոդքասթըրներ Վազգէն Սաղաթելեանի եւ Նարեկ Սամսոնեանի նախնական կալանքը որպէս խափանման միջոց ընտրելէն ետք»,- նշուած է «Մամուլի ազատութիւնը 2025 թուականին» վերնագրուած փաստաթուղթին մէջ։

Զեկոյցին համաձայն՝ Հայաստանէն բացի ազատազրկուած լրագրողներ կան եւրոպական եւս հինգ երկիրներու մէջ՝ Ռուսիա (58 ձերբակալուած լրագրող), ազրպէյճան (36), Պելառուսիա (27), թուրքիա (24) եւ Վրաստան (1):