Վտանգուած, Բայց Ո՛չ Կորսուած` Մեր Լեզուն, Մեր Մշակոյթը․ Արտա Ճէպէճեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Լեզու, սփիւռք, հայրենիք, յիշողութիւն, ինքնութիւն, ձուլում, մայրենի լեզու, լեզուներու անհետացում, լեզուապահպանում, լեզուներու վերակենդանացում, փոքրամասնութիւններ՝ ամէնէն շատ սերտուած նիւթերն են ընկերալեզուաբաններու կողմէ: Պատահական չէ, որ լեզուապահպանումի հարցը առաջնահերթ տեղ սկսած է գրաւել համաշխարհային գետնի վրայ։

ԹԻՒԵՐՈՎ ԽՕՍԻՆՔ

Անցեալին ունեցած ենք 12,000 լեզուներ, իսկ այսօր 6000 լեզուներ գոյութիւն ունին։ Այս 6000 լեզուներէն 276ը կը խօսուին մէկ միլիոն հաշուող ժողովուրդներու կողմէ եւ 80-90%-ը կը խօսուին բնիկ ժողովուրդներու կողմէ, որոնք հազիւ 10% կը հաշուեն երկրի բնակչութեան: Այս կը նշանակէ, թէ այսօր լեզուներու 80-90%-ը կը գտնուի աշխարհի բնակչութեան 10%-ին մօտ, որոնց մեծամասնութիւնը թիւով քիչ է եւ տկար, ինչպէս՝ Փափուա Նոր Կինիի ուարաբուները, որոնք թիւով 500 են, եւ մալոլ խումբը՝ 3300:

Օրինակի համար, 1500ին Պրազիլի մէջ 1175 լեզուներ կը խօսուէին, իսկ 1993ին անոնց թիւը 200 կը հաշուէր: 1996ին Սուտանի հարաւը 132 լեզուներ կը խօսուէին, մինչ 2020ին անոնց թիւը 17 կը հաշուէր: Այսօր, Ինտոնեզիոյ մէջ 425, Փափուա Նոր Կինիի մէջ 312, Աւստրալիոյ մէջ 190, եւ Ամերիկայի մէջ 180 լեզուներ վտանգուած են։ Կը նախատեսուի, թէ 2100ին 2922 լեզուներ պիտի մնան։ Այս առումով, այդ կը նշանակէ, թէ լեզու մը պիտի կորսուի ամէն երկու շաբաթը անգամ մը:

ԿՈՐՍՈՒԱԾ ԼԵԶՈՒՆԵՐ, ԿՈՐՍՈՒԱԾ ԱՇԽԱՐՀՆԵՐ

Այս իրողութիւնները կը մտահոգեն ընկերալեզուաբանները, որովհետեւ լեզուներու մեծաքանակ անհետացումի հետեւանք՝ մշակոյթներու անհետացումը, կրնայ վտանգել մարդկային ցեղին գոյութիւնը: Այսօր երկրագունդի բնակչութեան թիւը անցած է 8 միլիառը եւ ան նուաճած է Ամերիկաները, Աւստրալիան եւ Խաղաղականի ամէնէն փոքր կղզիները եւ վարժուած է անտառներու, անապատներու, եւ սառուցեալի պայմաններուն՝ շնորհիւ իր մշակոյթներուն, որոնք փոխանցուեցան լեզուներու միջոցով, եւ հոնկէ սովորութիւններու, կրօններու եւ արժէքներու թափանցումը եւ տարածումը: Այս տրամաբանութեամբ, որեւէ խախտում լեզուներու այլազանութեան մէջ եւ կրճատում անոնց մշակոյթներու զանազանութեան մէջ, կը նշանակէ մարդկային ցեղին յարմարելու ուժականութեան տկարացում:

ԼԵԶՈՒՆԵՐՈՒ ԱՆՀԵՏԱՑՄԱՆ ԱՆԱԿՆԿԱԼ ՊԱՏՃԱՌՆԵՐԸ

Կարելի չէ մէկ բացատրութիւն տալ լեզուներու կրած անկումին: Բնական աղէտներ, հիւանդութիւններ, տեղահանում, կրօնափոխութիւն, եւ տնտեսական պայմաններ գլխաւոր ազդակներ են։

Օրինակի համար, Իրլանտայի գետնախնձորի «հիւանդութեան» պատճառած սովը (1845-51) մէկ միլիոն անձի մահուան պատճառ դարձաւ եւ մնացորդին զանգուածային գաղթին: 1841ին, 8 միլիոն հաշուող ժողովուրդը, 6.5 միլիոն եղած էր տասնամեակ մը ետք: Գիւղաբնակ ժողովուրդը, որ ամէնէն աւելի իրլանտերէն կը խօսէր, ամէնէն աւելին տուժեց, ինչ որ սատարեց այդ լեզուին աննախընթաց տկարացման եւ նոյնիսկ անհետացման, որոշ շրջաններու մէջ:

Եւրոպացիներուն Ամերիկա հասնելէն 200 տարի ետք, բնիկ ժողովուրդին 90%-էն աւելին մեռաւ հաստատուողներուն եւ անոնց կենդանիներուն բերած հիւանդութիւններուն պատճառով: Կեդրոնական Մեքսիքայի բնակչութիւնը 1518ին, երբ սպանացիները եկան, 25 միլիոնէ աւելէ կը հաշուէր: Սակայն, 1620ին, 1.6 միլիոնի իջած էր անոր թիւը: Ամազոնի մեծ շրջանը ունէր 6.8 միլիոն բնիկ ժողովուրդ, բայց այդ 1992ին միայն 700,000 կը հաշուէր: Ներկայիս, ըստ ՄԱԿի վիճակագրութիւններուն, HIV/AIDS-էն մահացողներուն 95%-ը կը գտնուի Ափրիկէի եւ Լատին Ամերիկայի մէջ, երկու ցամաքամասեր որոնք կը պարունակեն աշխարհի լեզուներուն երեք քառորդը:

Ամազոնի անտառներուն միլիոնաւոր ծառերու անհետացումը, հանքերու մեծաքանակ գործունէութիւնները եւ շարունակական սպանութիւնը տեղացի ցեղերուն, կը վտանգէ բնիկ ժողովուրդին կեանքը, կը պատճառէ մեծաթիւ արտագաղթ եւ դժուար կը դարձնէ անոնց ջանքերը՝ պահպանելու իրենց մշակոյթը, աւանդութիւնները եւ լեզուները:

Համաշխարհային Բ․ պատերազմի կռիւներուն, Խաղաղականի եւ Հնդկական ովկիանոսի կղզիներու ընկերութիւնները թիրախ դարձան եւ հսկայական վտանգի ենթարկուեցան անոնց լեզուները: Փափուա Նոր Կինիի մէջ, ճափոնցիները եւ միացեալ ուժերը պատճառ դարձան հարիւրաւոր խօսակցական լեզուներու ամբողջական կորուստին, երբ այրեցին բոլոր արխիւները: Նոյնպէս, աւետարանչական արշաւներու եւ գաղութատիրական լեզուներու պարտադրումին որպէս հետեւանք, հազարաւոր բնիկ լեզուներ եւ մշակութային ժառանգութիւն անհետացան:

ԱՆԳԼԵՐԷՆԷՆ ԱՆԴԻՆ

Յաճախ փորձեր կը կատարուին՝ մանաւանդ համաշխարհային մամուլին կողմէ, մատնանշելու անգլերէնի մեծածաւալ տարածումը եւ անոր ազդեցութիւնը աշխարհի լեզուներուն վրայ: Պատահական չէ, որ անգլերէնը յաճախ կը կոչուի «սպաննող լեզու» ընկերալեզուաբանական հատորներու մէջ: Այդ մէկը, սակայն, կ՛օգնէ ճշդելու պատճառներէն միայն մէկը: Բացատրենք։

Ներկայ վիճակը եզակի է․ աշխարհը այսքան մեծաթիւ բնակչութիւն չէ ունեցած, համաշխարհայնացումի ընթացքը այսքան արագընթաց չէ եղած, հաղորդակցութեան եւ փոխադրամիջոցներու ճարտարարուեստները այսքան լայնածիր չեն եղած, այսքան լեզուներու միջեւ հաղորդակցութիւն չէ ստեղծուած, եւ ոչ մէկ լեզու այսքան համաշխարհային ազդեցութիւն չէ ունեցած, որքան անգլերէնը:

Հարցումը այն է, թէ ինչպէ՞ս պիտի կրնան լեզուներ՝ մանաւանդ փոքրամասնութիւն կազմող ժողովուրդներու լեզուները, տոկալ նման պայմաններու մէջ:

ԹԵՐ ԵՒ ԴԷՄ ՏԵՍԱԿԷՏՆԵՐ

Մուֆուէնէ կը կարծէ, թէ լեզուներ իրենց բնական ընթացքը պէտք է շարունակեն, նոյնիսկ եթէ այդ կը նշանակէ անոնց մահը: Ան կը հաւատայ, թէ արդէն լեզուներու այլազանութիւնը Աստուծոյ պատիժն էր Բաբելոնի մէջ, եւ անոնց նուազումը համերաշխութիւն, խաղաղութիւն եւ բարգաւաճում պիտի երաշխաւորէ:

Այս թէզը պաշտպանողներ 1960ականներուն Հիւսիսային Ամերիկայի, Աւստրալիոյ եւ Անգլիոյ մէջ ծանր պատիժներու կ՛ենթարկէին աշակերտներ եւ անոնց բերանը օճառով կը լուային, երբ անոնք իրենց մայրենի լեզուն գործածէին դպրոցին մէջ: Անգլիոյ մէջ, ուսուցիչներ այցելութիւններ կատարեցին իրենց օտար աշակերտներուն տուները՝ զգուշացնելու անոնց ծնողները եւ արգիլելու տան մէջ անոնց մայրենի լեզուին գործածութիւնը: Անոնք համոզուած էին, թէ երկլեզութիւնը նոր երկրին հանդէպ հարազատութեան եւ պատկանելիութեան հարցեր կը յարուցանէ եւ կը խանգարէ մանուկին հոգեմտաւոր զարգացումը: Անգլերէնէ զատ ուրիշ լեզու խօսողներ կը նկատուէին ապուշ, ծոյլ, աղքատ, անվստահելի եւ անբարոյ: Այս միջոցառումները եւ համոզումները մղեցին շատ մը գաղթականներ, որ ո՛չ միայն լքեն իրենց մայրենի լեզուն, այլեւ փոխեն իրենց անունները եւ մականունները:

Բարեբախտաբար, 1970ականներուն, շնորհիւ ընկերալեզուաբաններու ուսումնասիրութիւններուն, կը հաստատուի, թէ մայրենի լեզուի դասաւանդութիւնը եւ պահպանումը անհրաժեշտ են մշակելու ինքնուրոյն ազգային ինքնութիւն, մշակութային պատկանելիութիւն, ազգային սովորութիւններ, ընտանեկան սերտ յարաբերութիւններ, մանկական յիշատակներ, լեզուի հանդէպ հաւատարմութիւն եւ հարազատութիւն, ազգային պատմութիւն, բարոյագիտութիւն եւ փիլիսոփայութիւն:

Ահա թէ ինչո՛ւ մեծ թիւով լեզուագէտներ, ինչպէս Տիքսըն, Նեթըլ եւ Ֆիշմըն, կը հաւատան, թէ մայրենի լեզուի պահպանութեան հետ կը պահուի մշակոյթ, իւրայատուկ կենցաղավարութիւն, յատուկ ինքնութիւն, աշխարհահայեացք եւ մտածելակերպ:

ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՆԵՑՈՒԿ

Այս չափանիշները եւ ըմբռնումները ընդգծելու առումով, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը եւ Եւրոպական Միութիւնը որդեգրած են յստակ որոշումներ՝ ապահովելու փոքրամասնութիւններու լեզուական իրաւունքները: Լեզուաբաններու հրամցուցած լուսաբանութիւնները եւ միջազգային մարմիններու որոշումները կու գան հաստատելու, թէ կարելի չէ համաշխարհային համերաշխութիւն ապահովելու պատրուակով քաջալերել գաղութներու լեզուներու հարստահարումը կամ մէկ լեզուի եւ մէկ մշակոյթի բռնակալական ախորժակները:

Այս զօրակոչին իբրեւ ենթահող կը ծառայեն ընկերաբաններու եւ լեզուաբաններու մեծ խումբի մը աշխատասիրութիւններուն արդիւնքները: Անոնք կը հաւատան, թէ երբ մայրենի լեզուի փոխանցումը խախտի, անոր կը հետեւի ժառանգուած գիտութեան լուրջ կորուստ, որովհետեւ այդ կը պարունակէ թէ՛ անձնական եւ թէ ազգային պատմութիւններու բանալին, կը յատկանշէ ժողովուրդի մը մշակութային, անձնական եւ ազգային ինքնութիւնը, կ՛ընդգծէ անցեալի եւ նախնիներու հետ կապը եւ շարունակականութիւնը, կ՛արտացոլայ իւրայատուկ աշխարհահայեացք եւ դէպքերու մեկնաբանութիւն, կ՛ընդգրկէ անհրաժեշտ, հետաքրքրական եւ հմայիչ քերականական, բառագիտական եւ հնչիւնաբանական յատկանիշներ եւ կը յառաջացնէ ընկերային համերաշխութիւն, ինքնավստահութիւն եւ մշակութային հպարտութիւն:

ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՆՔՆԱԳԻՏԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԶԱՐԹՕՆՔ

Պատահական չէ, որ այսօր յունական, իտալական եւ չինացի կարգ մը գաղութներ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ զօրաշարժի ենթարկուած են՝ պահպանելու իրենց նախահայրերուն լեզուները, որովհետեւ անոնք հպարտ կը զգան իրենց ժառանգութեամբ, դրական կեցուածք սկսած են մշակել իրենց լեզուին հանդէպ, մտադրած են օգտուիլ իրենց լեզուին հրամցուցած արժէքներէն, սկսած են գիտակցիլ ազգային միասնականութեան կարեւորութեան, անհրաժեշտ կը սեպեն հայրենիքի հանդէպ իրենց կապուածութիւնը եւ կ՛ուզեն կառչիլ իրենց իւրայատուկ կրօնական հաւատալիքներուն եւ ծէսերուն:

ԵՐԲ ՄԵՐ ԼԵԶՈՒՆ ԴԱՐՁԱՒ ՎՏԱՆԳՈՒԱԾ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆ

Իսկ, երբ 2010ի Փետրուարին, UNESCO-ի Վտանգուած լեզուներու ցանկին վրայ զետեղուեցաւ արեւմտահայերէնը, մե՛ր մայրենի լեզուն, թերեւս լեզուներու անհետացումը եւ մահը ալ առասպել մը չէր, կամ ուրիշներուն պատահելիք բան մը, այլ քիչ մը աւելի հարազատ:

Աւելին յաջորդին։